2010-12-02 14:54:27

Բեթղեհէմի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Ծննդեան Յիսնակացին


Անցեալ Կիրակի, Սուրբ Երկրի պահակ` Հայր Փիէրպաթթիսդա Փիցցապալլայի հանդիսաւոր մուտքով` Բեթղեհեմի մէջ բացումը կատարուեցաւ Ծննդեան Յիսնակացին։ Աւանդական արարողութիւնը կը նախատեսէ հաւատացեալներուն թափորով մուտքը Երուսաղէմ ՝ ուր իսրայելցիք կը բանան Պատրիարքներու հին ճամբան որ կը տանի մինչեւ Սուրբ Ծննդեան Պազիլիքա ուր խօսք մը կ՛ուղղուի տեղւոյն իշխանութիւններուն։Նախքան Պազիլիքա մտնելը` սովորութեան համաձայն` նախատեսուած է ողջոյնի խօսք մը Յոյն Օրթոտոքսներու մեծաւորին ապա անցքը Սուրբ Հերոնիմոսի վանքի քառանկիւնէն , հուսկ մուտքը Սրբուհի Կատարինէի եկեղեցին ուր կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ։ Արարողութեան աւարտին հաւատացեալները կ՛ուղղուին քաղաքապետարանի հարապարակը ուր տեղի կ՛ունենան ծննդեան նուիրուած համերգներ ու պարերու ներկայացում մասնակցութեամբ աշխարհիս չորս ծագերէն ներկայացնող անձերու։








All the contents on this site are copyrighted ©.