Վատիկանի Պետական Քարտուղարը կը մասնակցի Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան
վեհաժողովին. ժողովը կը գումարուի Ասդանա` խազախիստան դեկտեմբեր 1-2։
Կարտինալ Պերթոնէ կը գլխաւորէ Վատիկանի պատուիրակութիւնը, անոր կ'ընկերանան գերապայծառ
Մամպերթին` արտգործ նախարարը, գերապայծառ Պուենտիա առաքելական նուիրակը Խազախիստանի մօտ
եւ գերապայծառ Բանաշ` մնայուն դէտը Եւրոպայի անվտանգութեան ու համագործածկցութեան խորհուրդին
մօտ։ Յայտնենք թէ Ս. Աթոռը 1973էն ի վեր անդամ է վերոյիշեալ խորհուրդին եւ յաճախ իր միջամտութիւնը
բերած է ու պաշտպանած՝ քրիստոնեաներու դէմ մղուած պայքարն ու խտրականութիւնը։ Կարտինալ
Պերթոնէ այս առթիւ նաեւ հովուական այցելութիւն կը կատարէ Խազախիստանի փոքրաթիւ քրիտոնեայ
հասարակութեան։
Նշենք թէ Խազախիստանի 55 տոկոսը մահմետական են իսկ 40 տոկոսը
օրթոտոքս։