2010-12-01 13:11:01

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը ՜՜Կնոջ Դերը Եկեղեցւոյ Մէջ՝՝ Նիւթին Մասին։


Չորեքշաբթի Մէկ դեկտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան հինգ հազար ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ՜՜Կնոջ դերը եկեղեցւոյ մէջ՝՝ նիւթին մասին, ներկայացուց Ժիւլիէն Նորվիչը։



Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Հայրը,

Ժիւլիէն Նորվիչ, խորապէս մեծարուած է թէ կաթողիկէ եւ թէ անկլիգան եկեղեցիներու մօտ։ Ժիւլիէն ապրեցաւ Լոնտոնի արուարձանը 14-րդ դարուն։ Ժամանակաշրջան մը որ ճանչցուած է որպէս իրարանացումի դարաշրջան, թէ պատերազմի հետեւանքով եւ թէ Քահանայապետի Հռոմ վերադարձը Ավինիոնի հարցերով։ Պղտոր ու ալեկոծ այդ ժամանակներուն, Ժիւլիէն եղաւ ականատես մը որ Աստուած միշտ կը ղրկէ Աստուծոյ ժողովուրդին, կոչելու մարդիկը խաղաղութեան, սիրոյ եւ ցնծութեան։ Արդարեւ Աստուծոյ սիրոյ մէկ յայտնութիւնը ունենալով, ան վանք քաշուեցաւ, ապրելով առանձնութեան, աղօթքի եւ ուսումի կեանք, տէր դառնալով մարդկային ու հոգեւոր խոր հասունութեան, իմաստութեան։ Մեծ հոգատարութիւն ցոյց տուաւ հանդէպ տառապող մարդկութեան։ Ան ճանչցուեցաւ որպէս Աստուծոյ մտերիմ բարեկամ եւ իմաստուն խորհրդատու։

Այսօր եւս ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը վանքերը կը մնան ովասիս մը լռութեան, խաղաղութեան ու յոյսի։ Վանքերը Եկեղեցւոյ համար կը մնան գանձ մը, ուր իւրաքանչիւրիս կը յիշեցնեն Աստուծոյ գլխաւորութիւնը։

Ժիւլիէնի թողած լաւատեսութեան կտակը ունի որպէս հիմ ՜՜Աստուածսիրութիւնը ու եղբայրակցութիւնը՝՝ հանդէպ ամէն անհատին, ''Աստուծոյ սէրը, կ'ըսէր ան, ոչ կը նուազի եւ ոչ ալ վերջ ունի''։Ժիւլիէն կը բաղդատէ այս սէրը մօր սիրոյն ու գորովանքին հանդէպ իր զաւակներուն։

Աստուծոյ սէրը, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, կը գերազանցէ միշտ մարդկային սէրը։ Եւ երբ կը բացուինք այդ սիրոյն, անիկա կարող է դառնալ միակ առաջնորդը մեր գոյութեան ու ամէն ինչ կը բարեփոխէ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ Սրբուհի Ժիւլիէն Նորվեչ մեզի սորվեցնէ վերագտնել ուրախութիւնը եւ գործել ճշմարիտ խաղաղութեան համար։

Բարի ուխտագնացութիւն կը մաղթեմ բոլորիդ եւ թող Տէրը օրհնէ ձեզ ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք լաւագոյնս պատրաստուելու ընդունելու Էմմանուէլը` Տէրը որ մեզի կու գայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.