2010-12-01 13:33:34

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Եւս Կը Մերժէ Մեկնաբանել «ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ»Ի Գաղտնաթուղթերը։


Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս երէկ մերժեց հաստատել կամ հերքել ՝՝Ուիքիլիքս՝՝ի մէջ հրապարակուած այն գաղտնի տեղեկութիւնը, որ 2003 թուականին Իրան Հայաստանի միջնորդութեամբ ձեռք բերած է հրթիռներ եւ գնդացիրներ, որոնք օգտագործուած են Իրաքի մէջ ամերիկեան զօրքերուն դէմ։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Կարապետեան երէկ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց որ նախարարութիւնը ՝՝չի մեկնաբաներ այլ պետութեան մը դիւանագիտական գրագրութիւնը՝՝։ Նախանցեալ օր այս տեղեկութիւնը նոյն պատճառաբանութեամբ մերժած էր մեկնաբանել նաեւ Հայաստանի նախագահի մամլոյ բանբեր Արման Արզումանեան։ Նոյնը կատարեց նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը։







All the contents on this site are copyrighted ©.