2010-12-01 13:25:57

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ.
Ստեփան Բաղդասարեան (1888-1941). Թատերագիր,վիպագիր եւ բժիշկ։



Ստեփան Բաղդասարեան (1888-1941). Թատերագիր,վիպագիր եւ բժիշկ։


 Ապրող սերունդներուն այնքան ալ ծանօթ չեն անունն ու գործը Ստեփան Բաղդասարեանի, որուն մահուան 69րդ տարելիցը ոգեկոչուեցաւ ՝ Նոյեմբեր 24ին։

Թատերագիր, վիպագիր, բժիշկ եւ հասարակական գործիչ էր աւազանի անունով Ստեփան Խաչատուրի ՏէրԲաղդասարեանը, որ միայն 53 տարուան կեանք ունեցաւ, թափառական հայու ճակատագրով ապրեցաւ, հասաւ մինչեւ Ֆրանսա ու Մ. Նահանգներ եւ ի վերջոյ հանգրուանեցաւ Հայաստան, ուր եւ իր մահկանացուն կնքեց 24 Նոյեմբեր 1941ին։

Ծնած էր Ղարադաղ (Պարսկաստան), 17 Մարտ 1888ին։ Աւարտած էր Թաւրիզի Արամեան վարժարանը եւ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար մեկնած էր Ֆրանսա։

1914ին աւարտեց Փարիզի Մոնփելիէի բժշկական համալսարանը։ 1921ին փոխադրուեցաւ Մ. Նահանգներ։
Մասնագիտացման եւ բժշկական աշխատանքի կողքին, իբրեւ Հնչակեան կուսակցութեան մտաւորական գործիչ, 1924ին ստանձնեց խմբագրութիւնը Նիւ Եորք հրատարակուող ՝՝Պրոլետար՝՝ պարբերականին։

Ինչպէս իր սերնդակիցներէն շատերու պարագային, նոյնպէս Ստեփան Բաղդասարեանի սիրտը լեռներում էր, մանաւանդ որ խմբագրական իր գործունէութեան շրջանին իսկ ան հրաժարեցաւ Հնչակեան կուսակցութենէն եւ միացաւ Մ. Նահանգներու մէջ թափ առած համայնավարական շարժումին։ 1925ին ան ներգաղթեց Հայաստան։

1926էն սկսեալ Ստեփան Բաղդասարեան եղաւ Երեւանի Պետական Համալսարանի բժշկական մասնաճիւղի ընդհանուր առողջապահութեան ամպիոնի վարիչը, ապա՝ Երեւանի թիւ 2 հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկը։ 1934ին ընդունուեցաւ Խորհրդային Գրողներու Միութեան անդամ։

Փարիզեան տարիներէն, Ստեփան Բաղդասարեան աշխոյժ մասնակից մը եղաւ քսաներորդ դարասկիզբին եւրոպական ձախը համակած հակագաղթատիրական պայքարի շարժումին։ Յատկապէս ֆրանսական գաղթատիրութեան դէմ հիւսիսափրիկեան ժողովուրդներու մղած ազատագրական պայքարը խորապէս յուզեց գրական շնորհքի եւ գաղափարական լայն հորիզոնի տէր երիտասարդ հայ բժիշկին։ Ս. Բաղդասարեանի գաղափարական կողմնորոշումները աւելի արմատական դարձան Մ. Նահանգներու մէջ անոր գործունէութեան ընթացքին. Պրոլետարի էջերուն ան լոյս ընծայեց ամերիկեան եւ ընդհանրապէս համաշխարհային կայսերապաշտութիւնը դատապարտող թէ՛ հրապարակագրական եւ թէ գրական էջեր։

Ս. Բաղդասարեան գրական հռչակի տիրացաւ իր Արիւնոտ Անապատ թատրերգութեամբ։ Թատերախաղը թէեւ գրուած էր 1918ին եւ պատառիկներ լոյս տեսած էին ՝՝Պրոլետար՝՝պարբերականի էջերուն, բայց լայն ժողովրդականութիւն գտաւ հետագային՝ 1927ին, երբ բեմադրուեցաւ նախ Երեւանի նորահաստատ Գ. Սունդուկեանի անուան, ապա նաեւ Լենինականի Ա. Մռավեանի անուան թատրոններուն կողմէ։ Յատկապէս յաջող էր լենինականեան բեմադրութիւնը՝ հայ թատրոնի մեծ վարպետ Վարդան Աճեմեանի կողմէ, Մարոկօ վերանուանումով։ Մարոքցի ժողովուրդին հակագաղթատիրական պայքարէն ներշնչուած թատերախաղը, օրուան իշխանութեանց յատուկ յանձնարարութեամբ նաեւ, անմիջապէս իր մնայուն տեղը գրաւեց ոչ միայն Երեւանի ու Լենինականի, այլեւ Ստեփանակերտի, Պաքուի, Թիֆլիսի, Սուխումիի եւ Տոնի Ռոսթովի հայկական եւ այլ թատրոններու խաղացանկին վրայ։ Արիւնոտ Անապատը ամբողջական հրատարակութեան արժանացաւ յետմահու միայն, 1956ին։

Ս. Բաղդասարեանի գրական ժառանգութեան մաս կը կազմեն նաեւ Փշալարերը թատրերգութիւնը (գրուած՝ 1930ին) եւ Ծարաւների Աշխարհում վէպը, որ լոյս տեսաւ 1933ին, Հայ.պետ.հրատի կողմէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.