2010-11-30 12:26:10

Գուսա եպիսկոպոսը կը բանախօսէ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին մասին


Կիրակի, 28 նոյեմբեր 2010, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան բանախօսեց Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսաց յատուկ սիւնհոդոսին մասին, որ տեղի ունեցաւ| վատիկանի մէջ անցեալ հոկտեմբեր ամսոյն։ Բանախօսութիւնը տեղի կ՛ունենայ Գահիրէի սուրբ Թերեզայի Յիսուս Մանուկ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կից գնտուող հոգեւոր ուսումնասիրութիւններու եւ հովուական տեսչութիւններու կեդրոնին մէջ։ Բանախօսութենէն ետք, թեմի առաջնորդ հայրը պարգեւատրեց պրն. Րուբէն Մուրատ Նալպանտեանը, իր ծառայութիւններուն համար որ կատարած է Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ բարեգործական միութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.