2010-11-30 13:27:15

2010-ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ։


Հայ Կնոջ տարուան համագումարը՝Լիբանան։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2010-ը թուականը հռչակեց Հայ Կնոջ Տարի, որուն եզրափակիչ նախաձեռնութիւնը եղաւ 25 Նոյեմբերին կայացած Տիկնանց Համագումարը ։
Լիբանանէն, Հայաստանէն, Սուրիայէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Քուէյթէն, Թեհրանէն, Նոր Ջուղայէն եւ Պոլիսէն կիներ ժամանած էին Լիբանան՝ մասնակից դառնալու տիկնանց համագումարին, որուն բացումը կատարեց Սեդա Խտըշեան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին ներկայութեամբ։
Սեդա Խտըշեան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ այսօր կինը ամէն տեղ սկսած է տիրական ներկայութիւն ըլլալ եւ ստանձնել պատասխանատու պաշտօններ՝ ունենալով կարեւոր դերակատարութիւն մարդկային կեանքին մէջ։
Ան դիտել տուաւ, որ նման համագումարներ առիթ կու տան աւելի լայն ենթահողի վրայ դիտելու կինը՝ ազգային ու միջազգային առումներով եւ այդ մակարդակներուն վրայ։ Իր խօսքի աւարտին Ս. Խտըշեան յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ գումարուած այս համագումարով հայ կինը պատասխանատուութեան կը կանչուի։

Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց համագումարին մասնակից կիներուն ներկայութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ՝ հաստատելով, որ անոր դռները մնայուն կերպով բաց են ժողովուրդի զաւակներուն առջեւ ։
Վեհափառը նշեց, որ հայութեան կեանքին մէջ հոգեւոր եւ ազգային արժէքները միշտ ալ զիրար ամբողջացնող եւ համընթաց քալող եղած են, այդ պատճառով ալ առկայ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման կանգնելու եւ զանոնք դիմագրաւելու իմաստով կաթողիկոսութիւնը իր ըսելիքն ու ընելիքը ունի։ Արամ Ա. կաթողիկոս հաստատեց, որ կարեւոր եւ առաջնահերթ է մեր ազգային հաւաքական կեանքին մէջ հայ կնոջ դերն ու տեղը լուսարձակի տակ առնել, իսկ սոյն համագումարը առիթ է ինքնահայեցողութեան, ինքնարժեւորման, ինքնահաստատման առիթ, որպէսզի կինը իր գործով ինքզինք արժեւորէ մեր հաւաքական կեանքին մէջ։
Վեհափառին համաձայն, թէեւ կինը մայրութեան տիպարն է, բայց պէտք չէ զայն սահմանափակել այս շրջագիծին մէջ, որովհետեւ հայ կինը հաւաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ բոլոր մարզերուն մէջ գործ ունի տանելիք, պարտաւորութիւն ունի ստանձնելիք։ Ան աւելցուց, որ ասիկա չի նշանակեր, որ պէտք է միւս ծայրայեղութեան երթալ եւ անտեսել մայրութիւնն ու ընտանիքը, այլ պէտք է միջին եզր մը գտնել, աւանդականէն արդի ժամանակներուն փոխադրուիլ՝ միշտ պահելով ազգային արժէքները, հայկական արմատները՝ բացուելով նոր ժամանակներուն եւ քայլ պահելով նորութիւններուն հետ։
Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ յայտնեց, որ համագումարը պէտք է վերածուի մտածելակերպի, գործելակերպի, հայ կնոջ հանգանակին հիմը դրուի հոն, որպէսզի կինը դուրս բերուի դիտողի դերէն եւ զայն կարելի ըլլայ միշտ մասնակցողի դերին մէջ տեսնել։
Համագումարին առաջին զեկուցումն էր Ներկայ կնոջական շարժումները ի՞նչ կը հետապնդեն նիւթը, իսկ զեկուցումը պատրաստած էր Թենի Սիմոնեան-Փիրի։ Ան լուսարձակի տակ առաւ կնոջական շարժումներու ծնունդի պատմականը եւ պատճառները՝ կիներու մօտ աշխուժութիւն յառաջացընել, կիներու իրաւունքներուն հարցը բարձրացնել, կնոջական մտահոգութիւններն ու սպասումները լսելի դարձնել համայն աշխարհին կողմէ։ Ըստ զեկուցաբերին, կնոջական շարժումը բողոք մըն է այն իրականութեան դէմ, որ բոլոր կառոյցներուն մէջ կնոջ մասին կը խօսի եւ ո՛չ կնոջ հետ։
Երկրորդ նիստի ատենապետն էր Աստղիկ Գանտահարեան, իսկ զեկուցաբերները՝ Ազատուհի Սիմոնեան՝ Ո՞ւր է հայ կինը ներկայ աշխարհի կնոջական շարժումներուն յարաբերաբար նիւթով եւ Էվա Պէրպէրեան, որ ներկայացուց Հայ կինը հայ կեանքին մէջ այսօր. անոր նպաստը եւ սպասումը նիւթը։ Վերջին նիստին Ժանին Մարգարեան զեկուցեց Հայ կինը իբրեւ մայր նիւթով, իսկ Շուշիկ Տասնապետեան՝ Հայ կինը իբրեւ մտաւորական։







All the contents on this site are copyrighted ©.