2010-11-29 12:57:29

Պէյրութի Հարպոյեան Վարժարանի Աշակերտներու Գեղանկարներու Ցուցահանդէս Պետողլեան Սրահին Մէջ։


Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին, շաբաթ, 27 նոյեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական գեղանկարներու ցուցահանդէս՝ ներկայութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Լիբանանի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ Վարդան եպս. Աշգարեանի, հոգեւոր հայրերու, կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու։

Ցուցահանդէսին խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ նշեց, թէ վարժարանը կը քաջալերէ արուեստի բոլոր մարզերը, քանի որ աշակերտները արուեստին ընդմէջէն կը զարգացնեն իրենց իմացականութիւնը, քննական մտածողութիւնը, ստեղծագործական ոգին եւ դատողութիւնը։

Ան աւելցուց, որ արուեստին միջոցով մանուկը շրջապատին նկատմամբ կը դառնայ աւելի զգայուն եւ կը սորվի մտածել ուրիշին դիտանկիւնէն։ Ռիթա Պոյաճեան նաեւ յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսը կը միտի վարժարանի աշակերտութեան մօտ ստեղծել այդ մթնոլորտն ու խանդավառութիւնը։

Ցուցահանդէսին մասնակցած էին տարբեր դասարաններէ երեսուն աշակերտներ, որոնք գծած էին բնութիւնը, անասունները, մանկական տիպարները եւ այլ թեմաներով նկարներ։ Հանդիսութեան աւարտին վարժարանի տնօրէնը՝ ընկերակցութեամբ Վարդան եպս. Աշգարեանին, Վարդան վրդ. Գազանճեանին եւ գեղանկարչութեան ուսուցչուհի Վարդ Մեսրոպեանին աշակերտներուն բաժնեցին հաստատագիրներ, մինչ մեծերու եւ փոքրերու բաժանմունքներու առաջին հանդիսացող աշակերտները ստացան նիւթական պարգեւներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.