2010-11-29 14:29:44

«Մենք Եւորպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին Մէջ Մեր Ընելիքաները Գիտենք Կ՝ըսէ Դաւիթ Յարութիւնեան։


Հայաստանի Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան շատ արդիւնաւէտ նկատեց Ընտրական Օրէնսդրութեան գծով վերջերս տեղի ունեցած երկօրեայ ժողովը. Դաւիթ Յարութիւնեան ապա անդրադառնալով Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Մեւլութ Զաւուշօղլուի կատարած այն յայտարարութեան, որ իրենք կարեւոր կը նկատեն Վեհաժողովին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնախումբի ստեղծումը, Դաւիթ Յարութիւնեան նշեց, որ իրենք կը նկատեն, որ ատիկա սխալ քայլ է եւ անոր մասին արդէն խօսած են Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ։ ՝՝Մենք դէմ ենք այդ յանձնախումբի ստեղծման, բայց ատիկա եթէ նոյնիսկ ստեղծուի, մենք մեր ընելիքը գիտենք՝՝ յայտարարեց Դաւիթ Յարութիւնեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.