2010-11-28 09:03:11

Ս. Աթոռի մէկ պատուիրակութիւնը կ'այցելէ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութիւնը Անդրեաս առաքլեալի տօնին առթիւ։


Ս. Աթոռի մէկ պատուիրակութիւնը կ'այցելէ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութիւնը Անդրեաս առաքլեալի տօնին առթիւ։
Հռոմի Աթոռի եւ Կ.Պոլսոյ պաշտպան սուրբերու` Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետեր , 29 յունիս, եւ Աննդրեաս առաքեալ, 30 նոյեմբեր, զոյգ տօներուն առթիւ, ամէն տարի, Հռոմի եւ Կ.Պոլսոյ եկեղեցիներու միջեւ տեղի կ'ունենայ պատուիրակներու փոխադարձ այցելութիւնը։
Կարտինալ Քուրդ Գոշ` նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին կը գլխաւորէ Ս. Աթոռի պատուիրակութիւնը, որուն կ'ընկերանան գերապայծառ ֆառել` քարտուղարը խորհուրդին եւ հայր Բալմիերին` պատասխանատու արեւելեան բաժնի։ Իսդանպուլին մէջ,պատուիրակութեան կը միանայ գերապայծառ Լուչիպելլօ` առաքելական նիուիրակը Թուրքիոյ մօտ։
Ս. Աթոռի պատուիրակութիւնը ներկայ կը գտնուի հանդիսաւոր պատարագին որ կը մատուցուի ֆանար`պատրիարքական եկեղեցւոյ մէջ։ Ապա հանդիպում կ'ունենայ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք Բարդողոմիոս Ա.ին ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ կապերու պատասխանատու սիւնոդոսական յանձնախումբին հետ։
Իսդանպուլ կեցութեան ընթացքին Ս. Աթոռի պատուիրակութիւնը այցելութիւն կը կատարէ հայ կաթողիկէ եւ հայ առաքելական եկեղեցիներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.