2010-11-28 13:44:28

ՀԱՅԱԶԳԻ ԲԱՐԵԿԱՄ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ։

ՇԱՐԼ ՏԸ ԿՕԼ (1890-1970).

Քսաներորդ դարու մեծագործ Ֆրանսացին, եւ անմոռանալի բարեկամը

հայ ժողովուրդին ։


Նոյեմբեր 22-ին նշուեցաւ ծննդեան 120ամեակը մեծանուն Շարլ Տը Կօլի, որ հանդիսացաւ գլխաւոր կերտիչը մերօրեայ Ֆրանսայի, ոչ միայն ղեկավարելով նացիական գրաւման դէմ անոր ազատագրութեան դիմադրական պայքարը, այլեւ ճարտարապետը դառնալով Ֆրանսայի ժամանակակից վերականգնման ՝՝Փառահեղ Երեսնամեակ՝՝ին։



Ռազմական տաղանդով օժտուած զինուորական մըն էր, ամէն բանէ առաջ, մեծն Տը Կօլ, որ սպայական իր կրակի մկրտութիւնը ստացաւ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին։ Բայց յատկապէս Երկրորդ Աշխարհամարտին, երբ Նացի Գերմանիան գրաւեց Ֆրանսան եւ հասաւ մինչեւ Փարիզ, Տօ Կօլի զինուորական ղեկավարի ասպարէզը հասաւ իր գագաթնակէտին։ Ան մերժեց գործակցիլ Նացիներու դրածոյ Վիշիի կառավարութեան հետ, անհաշտ պայքար յայտարարեց գրաւման իշխանութեանց դէմ եւ ապաստանեցաւ Լոնտոն։ Իր շուրջ համախմբեց Դաշնակից Ուժերուն միացած եւ Ազատ Ֆրանսայի համար Դիմադրական շարժում սկսած ֆրանսացի զինուորական հրամանատարները՝ դրսեւորելով քաղաքական գործիչի նոյնքան տաղանդաւոր իր դէմքը։ Ֆրանսայի նորագոյն շրջանի պատմութեան մէջ Տը Կօլ բացաւ անմոռանալի էջ մը18 Յունիս 1940ին, երբ BBC ձայնասփիւռէն արտասանեց իր պատմական ճառը՝ նացիական գրաւման դէմ մինչեւ վերջին շունչ պայքարի կոչ ուղղելով ֆրանսացի ժողովուրդին։ Զինուորական հրամանատարն ու քաղաքական ղեկավարը անքակտելիօրէն միաձուլուած էին ժամանակակից Ֆրանսայի այս մեծագործ կերտիչին մէջ։ Եւ ֆրանսացի ժողովուրդը միշտ հպարտութեամբ Զօրավար Տը Կօլ կոչեց իր արժանաւոր զաւակին, նոյնիսկ երբ ան ամբողջապէս նուիրուեցաւ քաղաքական ասպարէզին եւ ստանձնեց 1958ին իր հիմնած Հինգերորդ Հանրապետութեան նախագահութիւնը 1959էն -1969։

Տը Կօլ ծնած էր 1890ի Նոյեմբեր 22ին, Ֆրանսայի ճարտարարուեստական Լիլլ քաղաքը։ Հայրը՝ Հանրի Տը Կօլը փիլիսոփայութեան եւ գրականութեան դասատու մըն էր Լիլլի Յիսուսեան (Jesuit) Գոլէճին մէջ եւ հիմնած էր իր սեփական վարժարանը։ Տը Կօլները ֆլամական ծագում ունէին, ազնուական տոհմէ սերած էին եւ Հանրի Տը Կօլի յարկին տակ տիրական էին ֆրանսական ազգայնականութիւնը, կաթողիկէ աստուածավախութիւնը եւ յառաջդիմական մտածողութիւնը։ Այդ մթնոլորտին ինքնատիպ մարմնաւորումը դարձաւ Շարլ Տը Կօլ, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին միշտ բարձր պահեց, իր նկատառելիօրէն բարձր հասակին պէս, հօրենական օճախի այդ հիմնական արժէքները։



Զինուորական ասպարէզի մէջ մնայուն վերելքի ուղի մը վերապուած էր Շարլ Տը Կօլի։ Ռազմաճակատներու վրայ ան յատկանշուեցաւ հրասայլային ճակատամարտներու ընթացքին իր դրսեւորած ռազմագիտական տաղանդով եւ յանդնութեամբ։ Իբրեւ զինուորականի՝ Տը Կօլի կենսագրութեան մէջ կարեւորութեամբ կը նշուի 1920ականներուն անոր վստահուած յատուկ առաքելութիւնը Լեհաստանի մէջ՝ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի ոտնձգութեանց դէմ լեհական բանակի մարզումին եւ ղեկավարման ուղղութեամբ։



Ֆրանսական ազայնականութեան եւ ազատականութեան փարած զինուորականի իր այդ ուղիով՝ Շարլ Տը Կօլ անվարան դրօշակիրը դարձաւ Նացիական գրաւման դէմ Ազատն Ֆրանսայի պայքարին՝ Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին։ Աշխարհամարտի աւարտէն ետք ան իր ղեկավար մասնակցութիւնը ունեցաւ զգետնուած Ֆրանսայի վերականգնումին մէջ, ստանձնեց նախարարական պաշտօններ եւ վարչապետ էր Մայիս 1958ին, երբ յետպատերազմեան իր վէրքերը դարմանող Ֆրանսան ընկերատնտեսական լուրջ տագնապի մատնուեցաւ։ Տը Կօլ ձեռնարկեց Ֆրանսայի նոր սահմանադրութեան մշակումին, կրցաւ հանրաքուէով հաստատել զայն եւ հիմը դրաւ ՝՝Հինգերորդ Հանրապետութեան՝՝ նախագահական կառավարման ինքնատիպ կառոյց մը կեանքի կոչելով։

Իր մշակած սահմանադրութեամբ ալ, 1959ին, Զօրավար Տը կօլ ընտրուեցաւ Հանրապետութեան Նախագահ եւ պաշտօնի վրայ մնաց տասը տարի։ 1939էն սկսեալ Ֆրանսայի ազային-քաղաքական կեանքին մէջ իր ունեցած մեծակշիռ դերակատարութեան համար, ժողովուրդը ՝՝Փառահեղ Երեսնամեակ՝՝ անուանեց Շարլ Տը Կօլ քաղաքական գործիչի ղեկավարութեան երեսուն տարիները, որոնց ընթացքին Ֆրանսայ վերականգնեց մեծապետական ուժի իր երբեմնի վարկն ու դիրքը՝ դառնալով խորհրդանիշը Քսաներորդ Դարը բնորոշած մեծ ուղղութիւններու։ Տը Կօլի Ֆրանսան շատ արագ տնտեսապէս վերականնեցաւ։





1970-ի Նոյեմբեր 9ին, առյաւէտ փակուեցան աչքերը Մեծն Շարլին՝ Զօրավար Տը Կօլին, որ պատմութեան մէջ իր ինքնուրոյն պատուանդանը նուաճեց իբրեւ Քսաներորդ դարու առասպելական ղեկավարներէն մէկը։

Հայազգի Բարեկամ Նշանաւոր դէմքերու յատկացուցած մեր էջը կ՝եզրափակենք յիշելով

հայ ժողովուրդին թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ոճիրը դատապարտող Տը Կօլի պատմական խօսքը։



Յուլիս 1941ին, Ֆրանսական հոգատարութեան տակ գտնուող Սուրիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին, յարգանքի իր տուրքը մատուցանելով Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն, Զօրավար Տը Կօլ յայտարարած էր.....



՝՝Կը խոնարհիմ այն նահատակներուն առջեւ, որոնք զոհ գացին ձեր խաղաղասէր ժողովուրդին դէմ թրքական կառավարութեանց գործադրած ջարդերուն՝ նպատակ ունենալով անոր բնաջնջումը։ Գործուածը դատապարտելի բարբարոսական ոճիր մըն էր, որ պէտք է պատժուի մարդկային խղճմտանքին կողմէ՝ երբեք պէտք չէ ընդունելի ըլլայ, ոչ ալ մոռցուի։ Մարդկութիւնը շատ բան կը պարտի ձեզի եւ ես համոզուած եմ, որ վերապրողներու ձեր այս փոքր թիւը, վաղը, դառնալով երիտասարդ քաջ սերունդ մը՝ պիտի իրագործէ Հայաստանի վերայայտնութիւնը, ապահով, ազատ եւ անկախ։



Հայ ժողովուրդը հպարտութեամբ ու նաեւ ուրախութեամբ կը յիշէ, որ Տը Կօլի մեծութեամբ բարեկամ մը ունեցած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.