2010-11-28 13:44:45

 Ռուսիոյ Մէջ Կաթողիկէներու եւ Օրթոտոքսներու միջեւ լարուածութիւն բռնագրաւուած եկեղեցական կալուածներու վերադարձումի հարցով։


Ռուսիոյ մէջ դարցեալ կ՝արծարծի լարուածութիւնը օրթոտոքս եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ ,Սովետական ժամանակաշրջանին համայնավարներու կողմէ բռնագրաւուած ինչքերու վերադարձումի պատճառաւ։ Ինչպէս որ կը տեղեկացնէ ՝՝Վրէմիա Նովոսթէի՝՝ օրաթերթը ,Գալինինկրատի մէջ ,անցեալ շաբաթ տումայի վաւերացումէն ետք այն օրէնքը որ կը պարտադրէ կալուածներու վերադարձումը համապատասխան եկեղեցիներուն (որոնցմէ բռնագրաւուած էին) Օրթոտոքս եկեղեցւոյ կը սահմանուի 14 պատմական կոթողներ որոնք կը նեռառեն վաղեմի գերման բնակչութեանց պատկանող 8 դղեակներ եւ 6 լուտերան ու կաթողիկէ եկեղեցիներ։Ընդ որս նախկին ՝՝Սուրբ Ընտանիք՝՝աթոռանիստ եկեղեցին որ 80ական թուականներէն ի վեր կը հիւրասիրէ տեղւոյն ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը եւ բազմաթիւ անգամներ ետ պահանջուած է կաթողիկէներէն, որոնց շնորուեցաւ մատուցել Սուր Պատարագ մը միայն 2001 թուականին։

Մոսկուայի Առաքելական Նուիրակը Գերապայծառ Բաօլօ Բէցցի օրթոտոքս եկեղեցւոյ յղած իր բաց նամակին մէջ կը քննադատէ սեփականութեան այսինքն կալուածի փոխանցումը ,մեղադրելով նախ պատրիարքութիւնը ՝՝փնտռելու միայն իր շահերը՝՝եւ Գալինինկրատի Խորհրդարանը ՝՝որ կը գործէ գաղտագողի առանց վիճարկելու իր որոշումները քաղաքի կաթողիկէ համայնքին հետ՝՝ սահմանելով տումայի գործառնութիւնը ՝՝անպատասխանատու եւ իսկապէս ցաւալի՝՝։ Քննադատութիւնները(կը գրէ Վըրէմիա Նովոստէի թերթը ) կը յաջորդէն կաթողիկէ համայնքին Մոսկուայի Գիրիլլ Պատրիարքի ուղղած նամակին, յորում կը ներկայացուի օրթոտոքս եկեղեցւոյ վերջին արարքները ՝՝որ չեն համապատասխանէր այն լաւ երկխօսութեան որ վերջերս հաստատուած էր երկու եկեղեցիներու միջեւ՝՝։ Իսկ Եկեղեցիներու եւ Ընկերութեան հետ Յարաբերութեանց բաժնի պատասխանատուն Վըզէվոլօտ Չաբլին իր կողմէ ըսած է որ այս նիւթի կապակցութեամբ ՝՝ Պէտք է նկատի առնել որ նախ քան 1945-ը կաթողիկէ եկեղեցիները նացիական երրորդ ռայխի հսկողութեան ներքեւ էին,ապա վերջը մեր բոլորին ծանօթ դէպքերու հետեւանք Գերմանիան եւ գերմանացի ժողովուրդը կորսնցուցին իրենց իրաւունքը այս հողերու ու այս շէնքերու վրայ, եւ ասիկա միշտ աչքի առջեւ պէտք է ունենալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.