2010-11-27 12:48:11

Յովիկ Աբրահամեան Այցելեց՝ ՏԷՐ ԶՕՐ.


Պաշտօնական այցելութեամբ Սուրիա գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան նախանցեալ օր Հալէպի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ ընդհանուր Միւֆթի շէյխ Պատրէտտին Հասսունի հետ։ Սուրիոյ ընդհանուր Միւֆթին նշեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդին համար հայերը քոյրեր եւ եղբայրներ են։ Ըստ անոր, Սուրիոյ հայ համայնքը իր ներկայութեամբ կը նպաստէ՝ Սուրիոյ զարգացման եւ հզօրացման։ Նոյն օրը Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Հալէպէն մեկնեցաւ Տէր Զօր, ուր այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու Յուշահամալիր։







All the contents on this site are copyrighted ©.