2010-11-27 12:51:50

ԹԵԼԵԹՈՆ-ին Հաւաքուեցաւ 20,9 Միլիոն Տոլար։


Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերջ գտաւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի 13-րդ տարեկան Թելեթոնը, որուն իբրեւ արդիւնք խոստացուեցաւ 20,862,733 տոլարի նուիրատուութիւն, որ կը գերազանցէ նախորդ տարուան արդիւնքը՝ 15,875,043 տոլար։ Այս գումարը պիտի ուղղուի Արցախի գիւղերուն մէջ ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի խնդիրի լուծման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ շարունակուող համապարփակ զարգացման ծրագիրին։







All the contents on this site are copyrighted ©.