2010-11-26 11:28:40

Ուրբաթ 26 նոյեմբեր 2010 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը


Այսօր ուրբաթ 26 նոյեմբեր 2010 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ժամը 11.ին Գլէմէնդինա Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Կաթողիկէ Պարբերաթերթերու դաշնակցութեան 300 անդամներուն։ Ապա ընդունեցաւ Փիլիպեան Կղզեախումբի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասէն 3 եպիսկոպոսներ եկած իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Ժամը 12 ունկնդրութիւն շնորհեց Վանքերու Մեծաւոր եւ Մեծաւորուհիներու անդամներուն որոնք մասնակցեցան Հռոմի մէջ վերջերս գումարուած տարեկան ժողովին։ Ունկնդրութենէն առաջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ Անկլիքան Եպիսկոպոս Ճէոֆրի Ռոէլի հետ իսկ յետ միջօրէին Սրբազան Քահանայապետը շաբաթական հանդիպումը ունեցաւ Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչ Կարտինալ Ուիլլիամ Ժոզէֆ Լէվատայի հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.