18-20 Նոյեմբեր 2010, Սոֆիայի մէջ, Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու)
մասնակցեցաւ Ալֆա Դասընթացքի կազմակերպած Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաշունչի սերտողութեան
նուիրուած համագումարին: Լիբանանէն, Ռուսաստանէն, Մոլտովայէն, Ռումանիայէն, Մեծն Բրիտանիայէն
եւ Պուլկարիայէն ժամանած 75 հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ ներկայ գտնուեցան այս համագումարին,
որուն գլխաւոր դասախօսն էր Ալֆա Դասընթացքի հիմնադիր Նիգի Գէմպըլ անկլիքան հովիւը: Համագումարը
առիթ մը եղաւ որ մասնակիցներ բացատրեն իրենց Եկեղեցիներէն ներս Աստուածաշունչին ընթերցման
եւ սերտողութեան առնչուած ծրագիրները, ներկայացնեն մասնայատուկ պարագաներ, քննարկեն հասարակաց
հարցեր եւ խօսին Ալֆա Դասընթացքին արձանագրած յաջողութիւններուն մասին: Յայտնենք որ
Ալֆա Դասընթացքը աւելի քան 30 տարիներ առաջ սկսած է եւ կը շարունակուի Լոնտոնի Ս. Երրորդութիւն
Անկլիքան Եկեղեցւոյ մէջ ու տարածում գտած է Ուղղափառ, Կաթողիկէ եւ Բողոքական Եկեղեցիներու
մէջ: Այսօր 163 երկիրներու մէջ զանազան լեզուներով 34 հազար Ալֆա դասեր կը տրուին: