2010-11-26 11:29:31

Լիբանան- Սարգիս Նաճարեանի մեծարանքի հանդիսութիւն:


Հովանաւորութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին, կիրակի, 21 նոյեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն Սարգիս Նաճարեանի լրագրական գործունէութեան 50-ամեայ յոբելեանին առիթով, ինչպէս նաեւ շնորհահանդէս, յոբելեարի «Դէմ առ դէմ» հատորին։ Ձեռնարկին ներկայ էին հոգեւորականներ, քաղաքական գործիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, յոբելեարին ընտանեկան պարագաները եւ մեծաթիւ բազմութիւն։
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, մեծարանքի հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Ս. Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէն Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ նշեց, թէ քրիստոնեայ լրագրողին ուղենիշներն են ճշմարտութեան փնտռտուքը, անհատին արժանապատուութեան յարգանքը եւ հաւաքականութեան ծառայելու մօտեցումը։ Ան աւելցուց, որ բազմավաստակ մտաւորական եւ նուիրեալ լրագրող Սարգիս Նաճարեան այս շրջագիծին մէջ 50 տարի ծառայեց լրագրութեան առաքելութեան։
Ապա ներկաները դիտեցին Սարգիս Նաճարեանին նուիրուած տեսաերիզ մը՝ «Կէս դար մամուլի եւ ընկերութեան ծառայութեան մէջ» նիւթով։
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով Ժան Փիեռ Աստիկեան դաշնակով նուագեց Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններէն, որմէ ետք Անի Եփրեմեան ընթերցեց Սարգիս Նաճարեանի գրած «Սրտի խօսք՝ հաւատարիմ գործակիցիս» գրութիւնը։
Օրուան պատգամը փոխանցեց նախկին երեսփոխան տոքթ. Եղիկ Ճերեճեան, որ յայտնեց, թէ Նաճարեան իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր հայ մամուլին եւ անոր բոլոր գրութիւններն ալ մատչելի են՝ պարզ ու այժմէական նիւթեր քննարկող։ Ճերեճեան ըսաւ, թէ «Դէմ առ դէմ» հատորին մէջ լոյս տեսած են 46 հարցազրոյցներ, որոնք քննութեան առարկայ կը դարձնեն բազմաթիւ խնդիրներ։
Միրէյ Քիւթիւքճեան ժողովրդային երգով մը շարունակեց գեղարուեստական յայտագիրը, որուն դաշնակով կ՚ընկերակցէր Թամար Գասապեան։
Իլիաս Աուն կարդաց Լիբանանի մամլոյ սենտիքային ուղերձը, մինչ Մարալ Աթեշեան Հայաստանի լրագրողներու միութեան խօսքը։ Զոյգ խօսքերուն մէջ ալ կը գնահատուէին Սարգիս Նաճարեանի բազմամեայ գործունէութիւնն ու վաստակը։ Աուն շեշտեց, որ Սարգիս Նաճարեանին վաստակը մեծ է, իսկ հայ մամուլը լիբանանեան ընկերութեան համար հպարտանքի առիթ է։
Ապա Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան կարդաց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին օրհնութեան գիրը, որուն մէջ նշուած է, որ Սարգիս Նաճարեան օրինակելի եւ տիպար մամլոյ գործիչ մըն է, որ իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրաւ ճշմարտութիւնը փոխանցելու համար։
Այս առիթով նաեւ Լիբանանի Մամլոյ սենտիքային եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին անունով յուշանուէրներ յանձնուեցան Սարգիս Նաճարեանին։
Մեծարանքի հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը ըսաւ Սարգիս Նաճարեան, որ նշեց, որ ինք կը սիրէ լրագրութիւնը, քանի որ այս ասպարէզը կոչում է՝ հայրենանուէր եւ եկեղեցանուէր ծառայութիւն, որուն բարոյական վարձատրութիւնը անփոխարինելի է։
Հանդիսութեան յաջորդեց Ս. Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին մէջ Սարգիս Նաճարեանի ,Դէմ առ դէմե հատորին շնորհահանդէսը՝ գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը, հիւրասիրութիւն եւ գիրքերու մակագրութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.