2010-11-25 12:18:56

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Կ՛այցելէ Հունգարիա ։


Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նախանցեալ օր հանդիպում ունեցաւ Հունգարիոյ պաշտպանութեան նախարար դոկտ Չապա Հենտէյի հետ։ 2011-ին Հունգարիա-ն պիտի ստանձնէ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը, հետեւաբար քննարկումները ընթացան հիմնականին մէջ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցերուն շուրջ։ Երկու նախարարները ստորագրեցին զինուորական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր մը։Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը այցելեց Պուտափեշտի Հերոսներու Հրապարակ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Անյայտ Զինուորի Յուշարձանին։







All the contents on this site are copyrighted ©.