2010-11-25 13:13:15

Ամեն. եւ Գերջ. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս ՊատրիարքինԿոչը Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 13-րդ Թելեթոնին առիթով


RealAudioMP3 Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին
ԿոչըՀայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 13-րդ Թելեթոնին առիթով
Նոյեմբեր 25, 2010 Զմմառու Աթոռ Լիբանան

Սիրեցեալ հայորդիներ համայն աշխարհի,
Զմմառու հայրապետական աթոռէն կոչ կ’ուղղենք բոլորիդ` առատաձեռնօրէն մասնակցելու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 2010-ի 13-րդ Թելեթոնին:
Այսօր կատարուելիք նուիրատուութիւնները ուղղուած պիտի ըլլան Արցախի ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի համակարգերու զարգացման, որ էական եւ ճակատագարական նշանակութիւն ունի երկրագործական նկարագիր ունեցող հայրենի այդ երկրամասին համար:
Ջուրը կեանք է, եւ դուք կոչուած էք ձեր նուիրատուութիւններով զօրակցելու Արցախի մէջ ապրող եւ պայքարող մարդոց կեանքին:
Տուէ'ք լիաբուռն` որպէսզի մաքուր ջուրը ճամբայ գտնէ դէպի Արցախցի գիւղացիին տունը. այդ շնորհին համար վստհաբար ան պիտի օրհնէ զԱստուած ու ձեզ:
Տուէ'ք առատօրէն` որպէսզի ջուրը առու գտնէ` հասնելու համար արցախեան խոպան հողերուն, որպէսզի այդ հողերէն բարիք հասնի, որպէսզի այդ բարիքներով սերունդներ սնուին ու պահուին, եւ որպէսզի մեծցող սերունդները կարողանան տէր կանգնիլ այդ հողին ու ջուրին:
Տուէ'ք սրտանց`գիտակցելով, որ ջուրը տնտեսական լրջագոյն գործօն է եւ կարեւորագոյն ազդակ` երկրագործութեան համար, որուն կ’ապաւինի արցախեան բնակչութեան մեծամասնութիւնը` քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական դժուարին պայմաններու մէջ:

Սիրելիներ,
Արցախը հայ ազգային տան կարեւորագոյն սիւներէն մէկն է: Այսօր առիթ է, որ իւրաքանչիւր հայ իր մասնակցութիւնը բերէ Արցախի եւ հայ ազգի զօրացման գործին:
Յատկապէս կոչ կ’ուղղենք հայ կաթողիկէ աշխարհասփիւռ թեմերու եկեղեցական իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, թեմերուն մէջ գործող միութիւններուն, բոլոր մակարդակի մարմիններուն եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցուոյ զաւակներուն, որպէսզի խանդավառ եւ ազդու մասնակիցներ դառնան նուիրահաւաքի այս համազգային ձեռնարկին եւ իրենց պարտքը կատարեն` հանդէպ հայրենիքին:
Կ’օրհնենք բոլորդ` Զմմառու հայրապետական աթոռէն եւ կ’աղօթենք առ Աստուած` ազգիս պարգեւելու միութիւն, հայրենիքին`ուժ եւ զօրութիւն:

Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք







All the contents on this site are copyrighted ©.