2010-11-24 12:11:08

Օազիսսենդեր Պարբրաթերթի Հարցազրոյցը Քիրքուքի Գաղթէացիներու
Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Սագոյի հետ


Օազիսսենդեր Պարբրաթերթը հարցազրոյց ունեցած է Քիրքուքի Գաղթէացիներու Արքեպիսկոպոս` Գերապայծառ Սագոյի հետ ուր ան յայտարարած է թէ Իրագի քրիստոնեաները պետք ունին եւրոպայի քրիստոնեաներու մշտատեւ աղօթքին։ Որովէետեւ աղօթքը վճռական իմաստ կ՛ունենայ յուսահատութեան չի մատնուելու համար։ Իսկ անդրադառնալով Իրագի քրիստոնեաներու իրավիճակին ան հաստատած է թէ տագնապը շատ լուրջ է` նա մանաւանդ Պաղտատի մէջ` ուր կառավարութիւնը շատ տկար է եւ կարելիութիւնը չ՛ունի քրիստոնեայ ընտանիքներուն անվտանգութիւն ապահովցնելու ի տես այն սպառնալիքներուն որոնց կ՛ենթարկուին իսլամական կրօնքէն շեղած խմբակներու կողմէ։ Ապա Գերապայծառ Սագոն կոչ ուղղած է խնդրելով որ միջազգային հասարակութիւնը չի մոռնայ իրագի ժողովուրդը եւ իրագի կառավարութիւնը ամեն ջանք դափէ ապահովութիւն հաստատելու եւ նա մանաւանդ հսկելու իսլամ կրօնական ուսուցումին որ շատ անգամ կը շեղի իր իսկական ուսուցմունքէն յոյս յայտնելով որ ուրբաթօրեայ աղօթքները ըլլան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ի նպաստ որպեսզի մարդկային իրաւունքները ոտնակոխ չ՛ըլլան եւ համամիութեան կեանքը վերագտնէ իր արժէքը այնպես ինչպէս եղած է պատմութեան անցեալ 14 դարերու ընթացքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.