2010-11-24 13:06:20

Ռափայէլ Պատկանեան (Գամառ Քաթիպա 1830-1892). Հայու Տառապանքին երգիչը,
Պայծառ Գալիքին պատգամաբերը


Նոյեմբեր 8ին լրացաւ ծննդեան 180-ամեակը հայ գրականութեան ամէնէն հոգեհարազատ ու սրտամօտ դէմքերէն Ռափայէլ Պատկանեանի, որ իր Գամառ Քաթիպա գրչանունով անմահացաւ հայոց սերունդներու յիշողութեան մէջ։

՝՝Արաքսի Արտասունքը՝՝ խորագրով Գամառ Քաթիպայի քերթուածը ինքնին բաւարար է, որպէսզի հայոց սերունդները խոնարհին մեծութեան առջեւ հայ բանաստեղծին, որ արժանաւորապէս եղաւ Հայու Տառապանքին երգիչն ու հայ ժողովուրդի Պայծառ Գալիքին հաւատաւոր պատգամաբերը։ Ինչպէս ժամանակին՝ 100 կամ 150 տարի առաջ, այնպէս ալ այսօր դժուար է պատկերացնել ազգային շունչով կազմաւորուած հայ մարդ մը, որ խոր յուզումով չվերյիշէ մանկութեան իր տարիներուն սորված եւ, այնուհետեւ, անջնջելիօրէն իր ներաշխարհին մէջ պահպանած պարզունակ, բայց այնքան սրտառուչ եւ իմաստալի պատգամը ՝՝Արաքսի Արտասունքի՝՝ն։

Ամբողջ հայ ժողովուրդին ազգային ողբերգութիւնը այսպէս՝ Արաքսի Արտասուքով արտայայտող Գամառ Քաթիպայի գլուխգործոցը անմիջապէս գրաւեց սիրտն ու միտքը մեր ժողովուրդի ե՛ւ արեւելահայ, ե՛ւ արեւմտահայ հատուածներուն։ Ռափայէլ Պատկանեան արդարօրէն նախակարապետը եղաւ ամենայն հայոց բանաստեղծի աւանդոյթին, որ իր հանճարեղ մարմնաւորումը պիտի գտնէր հետագային Յովհաննէս Թումանեանի բանաստեղծութեամբ։
Եւ արեւմտահայ գրականութեան իմաստասէր գրագէտը՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեան փաստօրէն թարգմանը կը հանդիսանար ամբողջ հայութեան, երբ օրին Ռ. Պատկանեանին ուղղուած իր մէկ նամակին մէջ, Արաքսի Արտասունքին անդրադառնալով, կը գրէր. ՝՝Եթէ օտար ազգի պատկանէի, Մայր Արաքսիդ լսելով՝ հայ ծնած ըլլալ պիտի ցանկայի՝՝։

Ռափայէլ Պատկանեան ծնած էր Նոյեմբեր 8ին, 1830 թուականին, Նոր Նախիջեւանի (ՌոստովՏոնի շրջան) մէջ։ Զաւակն էր հռչակաւոր մտաւորական, գրող եւ քահանայ Գաբրիէլ Պատկանեանի, որ հայկական վարժարան հիմնած էր Նոր Նախիջեւանի մէջ։ Սկզբնական իր կրթութիւնը հօր դպրոցին մէջ ստանալէ ետք, Ռափայէլ 1843ին ղրկուեցաւ Մոսկուա եւ վեց տարի, մինչեւ 1849, ուսանեցաւ նորահաստատ Լազարեան ճեմարանին մէջ։ Ուսուցիչ ունեցաւ մեծանուն մտաւորական, մանկավարժ եւ ազգային գործիչ Մկրտիչ Էմինը։ Լազարեանէն շրջանաւարտ՝ Ռափայէլ վերադարձաւ Թիֆլիս, ուր հայրը՝ Գաբրիէլ քահանան ստանձնած էր Ներսիսեան նորաբաց վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Ռափայէլ ուսուցիչի պաշտօն ստանձնեց Ներսիսեան վարժարանի մէջ եւ, միաժամանակ, սկսաւ իր գրած առաջին ոտանաւորները լոյս ընծայել այդ շրջանին հօր խմբագրած ՝՝Արարատ՝՝ շաբաթաթերթին մէջ։

Բայց ուսումի տենչը հանգիստ չտուաւ Ռ. Պատկանեանին։ Երկու տարի ետք, 1851ին, ան մեկնեցաւ Դորպատի համալսարանը՝ պատմագիտական եւ լեզուագիտական իր պատրաստութեան մէջ մասնագիտանալու նպատակով։ Բայց նիւթական դժուարութեանց հետեւանքով, ան միայն մէկ տարի կրցաւ մնալ Դորպատի մէջ եւ ստիպուած անցաւ Մոսկուա։

Ընդունուելով Մոսկուայի համալսարանը՝ Ռ. Պատկանեան մէկ կողմէ խորացուց իր պատրաստութիւնը պատմագիտութեան եւ լեզուագիտութեան մէջ, իսկ միւս կողմէ եռանդով նուիրուեցաւ հայ գրական-հասարակական կեանքին։ Այդ շրջանին էր, որ իր երկու մտերիմ ընկերներուն՝ Գէորգ Քանանեանի եւ Մնացական Թիմուրեանի հետ, ռափայէլ Պատկանեան հիմը դրաւ գրական ընկերակցութեան մը՝ իրենց երեքին անունմականունին տառերէն կազմուած ՝՝Գամառ Քաթիպա ՝՝անունով։ Թէեւ կարճատեւ եղաւ ընկերակցութեան գործունէութիւնը եւ լուծարուեցաւ, բայց Ռափայէլ Պատկանեան շարունակեց իր ստեղծագործութիւնները ստորագրել Գամառ Քաթիպա, ինչ որ իր գրչանունը դարձաւ հետագային։

Մոսկուայէն, 1866ին, ան անցաւ Ս. Փեթերսպուրկ, որուն համալսարանին լեզուաբանութեան ճիւղը աւարտեց 1869ին եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ գրական գործունէութեան։ Գամառ Քաթիպա ընկերակցութեան կողմէ լոյս ընծայեց գրական պարբերագիրքերու շարք մը, ուր լոյս տեսան ատենի երիտասարդ հեղինակներու գործերը, յատկապէս իր ստեղծագործութիւնները։ Զարթօնքի Սերունդի եւ Աշխարհաբարի Շարժման տարիներն էին եւ Գամառ Քաթիպա ընկերակցութեան մէջ համախմբուած երիտասարդ հայ մտաւորականները պարզեցին դրօշը նորարական շարժումի մը, որուն նշանաբանն էր՝ Գրէ՛ այնպէս, ինչպէս որ խօսում ես. խօսէ՛ այնպէս, ինչպէս որ գրում ես։ Այդ հանգանակով ալ շարժումը մեծ ներդրում ունեցաւ արեւելահայ աշխարհաբարի մշակման ու տարածման մէջ։

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ իր ապրած տարիներուն ամուսնացաւ օտարուհիի մը՝ Օլկայի հետ, որ սակայն հայերէն սորվեցաւ եւ, ամուսնոյն կողքին, թարգմանական աշխատանք կատարեց։ Ռ. Պատկանեան 36 տարեկան էր, երբ կնոջ հետ վերադարձաւ իր ծննդավայրը՝ Նոր նախիջեւան, ուր նուիրուեցաւ ուսուցչութեան եւ գրականութեան։ Որոշ ժամանակ քաղաքի հայկական վարժարանին մէջ դասաւանդելէ ետք, հիմնեց իր սեփական մանկապարտէզը եւ հնարաւորութիւնը ստեղծեց իր ժամանակին մեծ մասը յատկացնելու գրական ստեղծագործութեան։ Արդէն ազգային մեր իրականութիւնը յուզող վէրքերն ու ցաւերը դարձած էին Գամառ Քաթիպայի գրականութեան առանցքը։ Հայ գեղջուկին թշուառութիւնն ու հայ պանդուխտին տառապանքը, ինչպէս նաեւ օտար լուծի տակ հայ ժողովուրդին բաժին հանուած հարստահարումներն ու բռնութիւնները երգ դարձան Գամառ Քաթիպայի գրչին տակ՝ զինք դարձնելով Ազգային Բանաստեղծ։

Դժբախտաբար թոքախտը թոյլ չտուաւ, որ Ռ. Պատկանեան շարունակէ ստեղծագործել։ 62 տարեկանին, 26 Օգոստոս 1892ին, մեր կեանքէն վաղաժամ հեռացաւ ատենի հայ երիտասարդութեան ազգայինհայրենասիրական ապրումներուն եւ մղումներուն թռիչք տուած հայ բանաստեղծը։







All the contents on this site are copyrighted ©.