Ներկայ տարին Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Գիրով հռչակուեցաւ Հայ Կնոջ Տարի: Այս
առիթով, թեմերէն ու գաղութներէն ներս տեղի ունեցան, ու տակաւին կը շարունակուին, հայ
կեանքէն ներս կնոջ դերը քննարկող ու վերաշեշտող` զանազան ձեռնարկներ ու հրատարակութիւններ:
Որպէս եզրափակիչ Հայ Կնոջ Տարուան առիթով տեղի ունեցած նախաձեռնութիւններուն, Անթիլիասի
Մայրավանքէն ներս Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ տեղի պիտի ունենայ կնոջական համագումար
մը: Համագումարին պիտի մասնակցին շուրջ յիսուն տիկիններ՝ զանազան գաղութներէ, զանազան
տարիքի ու մասնագիտութեան պատկանող ու հայ կեանքէն ներս տարբեր պատասխանատուութիւններ
ունեցող: Յիշեալ համագումարին նիւթապէս կ’օժանդակէ ՙՓիւնիկ՚ Հիմնադրամը: Համագումարը
տեղի պիտի ունենայ 25–27 Նոյեմբերին: Ան կազմակերպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Երիտասարդութեան Բաժանմունքին կողմէ: