2010-11-23 11:49:44

Հայկազեան Համալսարանի 55-ամեակի Փառահեղ Հանդիսութիւնը.


Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանը միակ հայկական համալսարանն է սփիւռքի տարածքին, որ վերջին 55 տարիներու ընթացքին բարձրագոյն ուսում ջամբած է ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի զանազան երկիրներէն դիմող հայ ուսանողներու, այլ նաեւ  արաբ եւ օտար  դպրոցական աշակերտներու։ Անոնք հաւասարապէս օգտուած են այս հաստատութեան ընձեռած մտային ու հոգեւոր դաստիարակութենէն։
Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան շքեղ  տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 12 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի Հիլթըն պանդոկի ընդարձակ ու զարդարուած հիւրասրահին մէջ՝ աւելի քան 400 հանդիսականներու մասնակցութեամբ։ Ներկաներուն մէջ կային մեծ թիւով անձնաւորութիւններ որոնք եկած էին հեռաւոր Պէյրութէն, Գանատայէն եւ Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէն։
Իսկապէս բացառիկ եւ ուրախալի երեւոյթ մըն էր համալսարանին Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի կողքին տեսնել  հաստատութեան հիմնադիր նախագահ վեր. դոկտ. Ճան Մարգարեանը, եւ անոր յաջորդող երկու  նախագահները, յանձինս վեր. դոկտ. Ժիլպէր Պիլէզիկեանի եւ վեր. դոկտ. Ճան Խանճեանի որոնք  դժուարին պայմաններու ներքեւ, ու մեծ նուիրումով ծառայեցին  այս համալսարանին՝ նախանձելի վիճակի մը հասցնելով զայն։
Հանդիսականներուն մէջ ակնբախ էր ներկայութիւնը՝ շրջանի հայ երեք յարանուանութեանց կրօնական առաջնորդներուն, քաղաքական երեք կուսակցութեանց ղեկավարներուն, հայ թէ օտար մամուլի ներկայացուցիչներուն, Լիբանանի հայ գաղութին ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Հայկազեանի շրջանաւարտներուն ու անոնց բարեկամներուն։ Ասոնցմէ շատերը եկած էին հեռաւոր վայրերէ, որպէսզի մասնակցէին տարեդարձի այս բացառիկ հանդիսութեան, ու վերյիշէին իրենց համալսարանական տարիները– Հայկազեանի այն օրերու համեստ շէնքը, ուսուցչական մարմինը եւ դասընկերները։ Այս առթիւ իրենց սրտի խօսքը  հաղորդեցին  Հայ Կաթողիկէ համայնքին հոգեւոր հովիւը՝ Արմենակ վրդ. Պետրոսեան, Էջմիածնական Թեմէն՝ Տաճատ ծ. վրդ. Եարտըմեան (ներկայացուցիչ՝ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի), Անթիլիասական Թեմին առաջնորդ՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու վարիչ քարտուղար վեր. Ճօզէֆ Մաթոսեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.