2010-11-23 11:48:53

Լիբանանի անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւն Մեսրոպեան վարժարանի մէջ


Ուրբաթ, 19 նոյեմբեր 2010, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու աշակերտութիւնը վարժարանի շրջափակին մէջ տօնեց Լիբանանի անկախութեան օրը։
Ներկայ էին վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական, տեսչական կազմերու անդամներ, ինչպէս նաեւ վարժարանի ծնողական յանձնախումբի անդամներ։
Հանդիսութիւնը սկսաւ վարժարանի երգչախումբի կողմէն Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական քայլերգներու կատարումով, ապա երգչախումբը նաեւ կատարեց զոյգ երգեր։
Այնուհետեւ հանդիսութեան բացման խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով արտասանեցին աւարտական դասարանի աշակերտուհիներ Մարիամ Սէրայտարեանը եւ Թանիա Տիպը։ Աշակետները իրենց խօսքին մէջ ըսին. «Լիբանան փոքրիկ երկիր է իր տարածքով, սակայն ոչ անյայտ աշխարհին։ 67 տարիներ շարունակ մեր երկիրը ըլլալով ամենատարբեր մշակութային ժառանգութիւններու խառնարան, այսօր դարձած է տարաշրջանի առեւտրական, կրթական, մշակութային առաջատար կեդրոնը։
Արեան գնով իր անկախութիւնը ձեռք բերած Լիբանան աշխարհը նաեւ մեր՝ լիբանանահայերուս հայրենիքն է։ Այսօր տօն է նաեւ մեզ համար։ Շնորհաւոր բոլորիս Անկախութեան օրը։ Կեցցէ Լիբանանը»։
Յայտագրին ընթացքին նաեւ մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի խումբ մը աշակերտներ հանդէս եկան հետաքրքրական ցուցադրութեամբ, ներկայացնելով լիբանանեան բանակի կեանքէն կենդանի պատկեր մը։
Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ օրուան պատգամախօսին՝ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստին, որ ըսաւ. «Լիբանանը՝ կեանք է եւ մենք հայութեան այն բախտաւոր հատուածն ենք, որոնց պապերը ճողոպրելով Ցեղասպանութենէն կրցած են հաստատուիլ ու արմատներ նետել այս հողին մէջ»։ Ապա շարունակելով իր խօսքը, վարժարանի տնօրէնը ըսաւ ներկաներուն. «Շատ բան կը պարտինք Լիբանանին՝ այս աննման հայրենիքին, որուն որպէս հայեր երախտապարտ ենք եւ կը սիրենք։ Սիրելի աշակերտներ, դուք ապագայի տէրերն էք, տէր կանգնեցէք այս հայրենիքին, միշտ երախտապարտ ըլլալով անոր»։
Տնօրէնի խօսքէն ետք մեսրոպեանցի աշակերտները հանդէս եկան Լիբանանին նուիրուած արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով ասմունքով։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ վարժարանի կիթառահարներու խումբի ելոյթով։







All the contents on this site are copyrighted ©.