2010-11-23 11:42:49

2010-Ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ։
Յարգարժան Կին Մը՝ԱԼԷՆՈՒՇ ՏԷՐԵԱՆ.


Իրանի ՝՝ՀՈՒՍԿ՝՝ հաստատութեան եւ Թեհրանի Հայ կանանց բարեգործական ընկերութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս Մեծարանքի երեկոյ մը նուիրուեցաւ՝ Իրանի աստղագիտութեան ՝՝մայրը՝՝ կոչուած տոքթ. Ալենուշ Տէրեանի-ն։

Իրանի աստղագիտութեան երկնակամարին մէջ շողացող աստղ, Իրանի առաջին կին ֆիզիկոս-ը եւ Իրանի մէջ աստղագիտութեան մայր կոչման արժանացած տոքթ. Ալենուշ Տէրեանը բոլորեց իր 90-ամեակը։ Այդ առիթով նախաձեռնութեամբ Հայկական հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի (ՀՈՒՍԿ հաստատութեան) եւ Թեհրանի Հայ Կանանց բարեգործական ընկերութեան Նոյեմբեր 10ին կազմակերպուեցաւ գնահատանքի ու ծննդեան 90-րդ տարեդարձի հանդիսութիւն մը ՝՝Արարատ՝՝ մարզաւանի ՝՝Վաչիկ Ղարաբէգեան՝՝ սրահէն ներս։

Հանդիսութեան ներկայ էին՝ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Բաբգէն եպս. Չարեանը, Իրանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Առաքելեանը եւ դեսպանութեան անձնակազմը, Իրանի Հանր. Նախագահութեան հիմնարկի ընտանիքի եւ կանանց կեդրոնի հասարակական հարցերով տնօրէն տիկին Շահրթաշը, Իսլ. խորհըրդարանի դիւանի անդամ Հասան Ղաֆուրիֆարդը, խորհըրդարանի պատգամաւորներ եւ իրանահայ զոյգ պատամաւորները, Թ. Հ. Թ. Պատգամաւորական ժողովի ատենապետը, պետական հիւրեր, համալսարաններու հայ ու պարսիկ դասախօսներ, երեք թեմերու ազգային իշխանութեան մարմիններու եւ միութիւններու, ինչպէս նաեւ ՝՝Ալիք՝՝ հաստատութեան ներկայացուցիչներ։ Անիւաթոռովը դահլիճ ուղեկցող տոքթ. Տէրեանին բոլորը դիմաւորեցին յոտնկայս ծափողջոյններով։ Յայտագիրը սկսաւ Իրանի պետական քայլերգով եւ Տէրունական Աղօթքով։ Յայտագիրը յագեցած էր՝ բանախօսութեամբ, մեծարման ու գնահատանքի արտայայտութիւններով եւ գեղարուեստական կատարումներով։

Այս առթիւ Ռատիօ Վատիկանի անձնակազմի որդիական շնորհաւորութիւնները Տոքթ.Ալենուշ Տէրեանի-ն։







All the contents on this site are copyrighted ©.