2010-11-22 13:54:51

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի պատգամը Ժոն Հէնրի նիւմանի նուիրուած համաժողովի մասնակիցներուն։


Նորին Սրբութիւնը պատգամ ուղղած է <<Աստուծոյ կեդրոնականութիւնը Երանելի Ժոն Հէնրի Նիւմանի կեանքի եւ գրութիւններուն մէջ>> տիտղոսով կազմակերպուած միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն ու յայտնած է իր գնահատանքը ընտրուած այս նիւթին մասին որ կը հաստատէ -ըսած է Սրբազան Քահանայապետը- Աստուծոյ կեդրոնականութիւնը ու անոր կարեւորութիւնը երանելի Նիւմանի կեանքի մէջ։
Անդրադառնալէ ետք Նիւմանի որոշ ուսուցումներու եւ գրութիւններու մասին Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը եզրափակած է երանելի Նիւմաանի յանձնելով համաժողովի աշխատանքները <<ուսուցիչին որ մեզի կը սորվեցնէ թէ Աստուցոյ կեդրոնականութիւնը ճշմարտութեան եւ սիրոյ կեդրոնականութիւնն է>> ըսած է ան։

Նոյեմբեր 22ի առաւօտեան ժամը 11ին Պօղոս Զրդի անուան Սրահին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց 24 նոր կարտինալները ու անոնց ընտանեկան պարագաները եւ զանազան թեմերէ ժամանած հաւատացեալներ։
Ժամը 11.45 Պօղոս Զրդի անուան գրասենեակին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Կարտինալ Ժէյմ Լուգաս Օրթէկայի` Սան Քրիսդոպալ Տէ լա Հապանայի Արքեպիսկոպոս, Կարտինալ Խոսէ Սանչեսի եւ Կարտինալ Րիգարտօ Վիտալիի։







All the contents on this site are copyrighted ©.