2010-11-22 13:57:43

Հալէպի Սուրբ Երրորդու‎‎‎թիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան երրորդ համաժողովը


Բերիոյ թեմի սուրբ Երրորդու‎‎‎թիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան երրորդ համաժողովը այս տարի տեղի ունեցաւ 31 հոկտեմբեր 2010-ին, եկեղեցւոյ Աղաճանեան սրահէն ներս նախագահութեամբ՝ Բերիոյ թեմի առաջնորդ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեանի եւ նախաձեռնութեամբ` սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերպ. Յովսէփ վրդ. Պէզէզեանի:
Համաժողովին քննարկումները կեդրոնացան հայ ընտանիքը յուզող հարցերու շուրջ: Բացման խօսքին մէջ, հայր Յովսէփ վրդ. Պէզէզեան յորդորեց ներկաներուն, որ աղօթքի միջոցաւ եւ անոր ներգործութեամբ հասնին իրենց ցանկութիւններուն. «Մեր դժուար օրերուն ընթացքին հաւատքով եւ վստահութեամբ դիմենք մեր բարի Յիսուսին: Ապրինք մեր քրիստոնէական եղբայրասիրութիւնը, ձեզի յանձնուած պաշտօնը կատարելով, նախ եւ առաջ փնտռեցէք եկեղեցւոյ եւ ձեր բարիքը, համագործակցելով` սիրով եւ խոնարհութեամբ: Միշտ հաւատարիմ գտնուեցէ՛ք Աստուծոյ խօսքին: Պաշտպանեցէ՛ք Եկեղեցւոյ բարոյական արժէքները: Մեր Տէր Աստուածը օրհնէ ձեր աշխատանքները»: Ապա ժողովրդապետութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բոլոր օժանդակ մարմիններուն եւ առաջնորդ հօր, որ իր հայրական խրատներովը, թելադրութեամբն ու օրհնութեամբը կը սատարէ աշխատանքներուն ընթացքը, ապա սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետը բարի աշխատանք մաղթելով եզրափակեց իր խօսքը:
Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ տարեկան աշխատանքները ներկայացուց արժ. տէր Զարեհ քհնյ. Տէր Սարգիսեանը:
Բերիոյ Թեմի առաջնորդ` արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեանը ընթացիկ տարուայ Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Սիւնհոդոսի գնահատականը կատարեց, ըսելով. «Յունարէն թարգմանաբար Սիւնհոդոս կը նշանակէ միասին քալել: Այս տարուայ Սիւնհոդոսը իւրայատուկ էր այն հանգամանքով, որ այս անգամ ներկայ էին քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները` առաքելական, օրթոտոքս եւ աւետարանական, թէեւ առանց քուէարկելու իրաւունքի, այնուամէնայնիւ անոնք իրաւունք ունէին մասնակցելու եւ հրապարակաւ արտայայտուելու Սիւնհոդոսի ողջ ընթացքին: Նշենք, որ առաքելական եկեղեցիէն ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ներկայացուցիչ` Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ` գերշ. Շահան եպս. Սարգիսեանն ու ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի ներկայացուցիչ` Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ` գերշ. Արմաշ եպս. Նալպանտեանը: Զոյգ ներկայացուցիչները հետեւեցան Սիւնհոդոսի բոլոր նիստերուն, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներէն բացի հրաւիրուած էին նաեւ երեք անձինք արտակարգ կերպով 2 իսլամ կրօնական` մէկը սիւննի Լիբանանէն, միւսը շիի Պարսկաստանէն, առաւել հրեա ռաբբունապետ մը: Անոնք ներկայ գտնուեցան եւ իրեց խօսքը արտասանեցին միայն մէկ նիստի ընթացքին, իսկ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները Սիւնհոդոսի ողջ տեւողութեան: Սիւնհոդոսի Թեման էր՝ «Հաղորդութիւնն ու Վկայութիւնը» այսինքն` որպէս կաթողիկէ եպիսկոպոսներ Միջին Արեւելքի մէջ ինչպէ՞ս ապրիլ մեր միասնականութիւնը եւ ինչպէ՞ս վկայութիւն տալ մեր հաւատքին մասին այն երկիրներուն մէջ, ուր փոքրամասնութին ենք»:
Ապա առաջնորդ հայրը ամփոփ կերպով ներկայացուց Սիւնհոդոսի կարեւոր կէտերու շուրջ քննարկումները, Հայերուն մասնակցութիւնը եւ գործօն դերը Սիւնհոդոսի մէջ եւ վերջապէս Սիւնհոդոսին արդիւնքը։
Յաջորդաբար տեղի ունեցաւ համաժողովի աշխատանքներու բաժանում, յառաջացնելով խմբակներ, որոնց ներկայացուցիչները համաժողովի աւարտին ներկայացուցին իրենց առաջարկները:
Եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ արժ. տէր Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեանը։ Ան նախ համառօտ ձեւով զեկուցեց 2009-2010 տարեշրջանի հայ կաթողիկէ համայնքին ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ծաւալած աշխատանքները. ապա տուեալ համաժողովին օրակարգի նիւթ դարձան «Հայ Ընտանիքը» յուզող անհետաձգելի հարցերը լուսարձակի տակ առնելէ ետք գործնական եւ առաւել ճկուն աշխատանքներ ծաւալելու ուղղութեամբ, առաջարկներ առաջադրելով եզրափակեց խօսքը։
Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բարեսիրական յանձնախումբի ատենապետ` Խաչիկ Աբրիկեանի շնորհակալութեան խօսքէն ետք, սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Սիրտ Յիսուսի» տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի հրաժարեալ անդամուհիներու` Արշալոյս Պէյազպէկեանի, Սեդա Մարգարեանի, Արփի Նէնէճեանի, Մարի Արապաթլեանի, Մարիրոզ Փամպուքեանի պարգեւատրումէն ետք, արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեանի «Պահպանիչ»ով փակուեցաւ համաժողովը:







All the contents on this site are copyrighted ©.