2010-11-21 12:34:16

 Կորան Պրեկովիչի Բացառիկ Համերգը Երեւանի Մմէջ ։


՝՝Երեւանեան հեռանկարներ՝՝ 11-րդ միջազգային փառատօնի ծիրէն ներս Նոյեմբեր 15-ին Երեւանի մէջ իր ՝՝Ալկոհոլ՝՝ համերգային ծրագրով հանդէս եկաւ յայտնի սերպ երաժիշտ, երգահան, դիրիժոր եւ ջութակահար Կորան Պրեկովիչը։ Պրեկովիչի համերգը(ըստ փառատօնի կազմակերպիչներուն) հերթական անակնկալն է փառատօնի երկրպագուներուն համար։
Պրեկովիչը ծնած է Սարաեւոյի մէջ, Սերպիա։ Ան իր առաջին խումբը, որ կը կոչուէր ՝՝Սպիտակ կոճակ՝՝ ստեղծած է 16 տարեկանին։ Ժամանակին մտերիմ եղած եւ համագործակցած է մէկ այլ հանրայայտ սերպ արուեստագէտի՝ Էմիր Գուստուրիցայի հետ, որու ֆիլմերէն մի քանի հատի երաժշտութեան հեղինակն է։ Ան երաժշտութիւն գրած է նաեւ այլ հանրայայտ կինոռեժիսորներու համար։ Իր ՝՝Հարսանեկան եւ Թաղման՝՝ նուագախումբին հետ ,Պրեկովիչը համերգէն առաջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ վերջին տարիներուն քիչ անգամ կը ստեղծագործէ շարժապատկերի ժապաւէններուն համար, փոխարէնը երգեր կը գրէ իր համերգային ծրագրերուն համար։ Այն հարումին, թէ ինչո՞ւ իր նուագախումբին համար ընտրած է ՝՝Հարսանեկան եւ Թաղման նուագախումբ՝՝ անունը, երաժիշտը պատասխանեց, որ կատակ է, քանի որ մինչեւ իր հետ աշխատիլը երաժիշտները կը նուագէին հարսանեկան եւ թաղման արարողութիւններու ժամանակ։ ՝՝Երեւանեան հեռանկարներ՝՝ միջազգային փառատօնի նախագահ Ստեփան Ռոստոմեան ըսաւ, որ աշխարհահռչակ երաժիշտի այցը Երեւան երկար սպասուած էր։Հարցին, թէ ինչու առաջուայ պէս ինքը եւ սերպ ռեժիսոր Էմիր Կուստուրիցան միասին այլեւս չեն պայքարիր Պալքաններուն մէջ տիրող իրավիճակին համար, պատասխանեց. ՝՝Ես ծնած եմ Սարաեւոյի մէջ։ Եթէ նման բնակավայրի մէջ ծնած ես, ուրեմն միշտ պէտք է պատրաստ ըլլաս վատ լուրեր լսելու իրավիճակին մասին։ Մենք դեռ չենք ունեցած սերունդ, որ վատ լուրեր լսած չըլլայ։ Օթոմաններու թրքական սահմանին հետ կապուած՝ մենք արդէն 500 տարի խնդիրներ ունինք. ատիկա կրօններու խաչմերուկ է։ Համենայնդէպս, լաւ է, որ պատերազմը աւարտեցաւ,(ըսած է Պրեկովիչը)։







All the contents on this site are copyrighted ©.