2010-11-20 12:18:46

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը շաբաթ 20 նոյեմբերին հանդիսապետեց հրապարակային կարտինալական ժողովը, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, 24 նոր կարտինալներու հռչակումին առթիւ։


Գերապայծառ Կուիտօ Մարինի` Սրբազան Քահանայապետին արորողապետը հաղորդագրած էր թէ շաբաթ առաւօտեան ժամը 10,30ին, Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ. Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կարտինալներու հրապարակային ժողով կը կատարէ 24 նոր կարտինալներու հռչակումին առթիւ։
Յետմիջօրէին Վատիկանի մէջ ժամը 16.30 - 18.30 տեղի կ'ունենայ նոր կարտինալներու շնորհաւորական այցելութիւնները ։
Կիրակի օրը 21 նոյեմբերին, տօնը Յիսուս Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւորին, առաւօտեան ժամը 9,30ին, Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ տեղի կ'ունենայ հանդիսաւոր համապատարգը հանդիսապետութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի եւ նոր կարտինալներու մասնակցութեամբ որոնց Սրբազան Քահանայապետը պիտի շնորհէ կարտինալական մատանին։
Յայտնենք թէ Հռոմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ Կարտինալական Ժողովը կը մնայ այն կառոյցը՝ որուն վստահուած է - հազարամեայ գործնական աւանդութեան համաձայն, կանոնական յստակ օրէնքներով կարգաւորուած - Հռոմի Քահանայապետի ընտրութեան պատրաստումը եւ գործադրումը.
Թէեւ հաւատքի ուսմունքի մաս է՝ որ Գերագոյն Քահանայապետի հեղինակութիւնը կը բխի ուղղակիօրէն Քրիստոսէ, որու Տեղապահն է անիկա երկրի վրայ, միաժամանակ կասկածէ դուրս է՝ որ Եկեղեցւոյ մէջ այդ գերագոյն իշխանութիւնը անոր կը տրուի ''իր իսկ կողմէ ընդունուած՝ վաւերական ընտրութեամբ, եպիսկոպոսական օծումի հետ միասին''։
Կարտինալական Ժողովին կ'անդամակցին առաւելագոյնս հարիւր քսան ընտրող կարտինալներ։ Կարտինալական ներկայ ժողովը կազմուած է 121 ընտրող կարտինալներէ հաշուի առնելով նոր նշանակուած 24 կարտինալները։Ոչ ընտրող ութսունամեայ տարիքը լրացուցած Կարտինալ Հայրերը 82 են։ Կարտինալական Համահաիաք դասը առ այդ կը բաղկանայ 203 կարտինալներէ։ Եկեղեցւոյ տիեզերականութիւնը քաջ արտայայտուած է Կարտինալական Ժողովի բաղադրութեամբ իսկ, որ իր մէջ կը համախմբէ ամէն երկրամասէ Ծիրանաւորներ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.