2010-11-20 12:33:18

Ուրուկէյ-ի Կոմիտաս Ռատիոժամ-ի հիմնադրութեան 75-ամեակի ծիրէն ներս։
՝՝ՀԱՅԱՍՏԱՆ՜՜ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ-ի նպաստ ռատիօթոն։


Ուրուկուահայ գաղութի համար կարեւոր կը հանդիսանայ այն հանգամանքը, որ երկար տարիներ անգործութեան մատնուելէ ետք, ամիսներ առաջ վերակազմուեցաւ Հիմնադրամի տեղական մարմինը եւ սկսաւ իր աշխատանքին, նպատակ ունենալով իր օգտակար բաժինը բերել հայրենիքին համար կենսական նշանակութիւն ունեցող, համահայկական այս նախաձեռնութեան։ Կոմիտաս Ռատիօժամը իր հիմնադրութեան 75-ամեակի ծիրէն ներս եւ ամբողջ տարուայ մը վրայ երկարող ծրագիրներու կողքին, Հիմնադրամի տեղական մարմնի հետ համագործակցելով, կազմակերպեց ռատիօթոն մը՝ Կիրակի 14 Նոյեմբերին։ Ուղղիղ եթերով սփռուած ռատիօթոնը նորութիւն մըն էր մեր գաղութի պատմութեան մէջ։ Կոմիտաս Ռատիօժամի հեռաձայնները սկսան անդադար հնչել, երկու տասնեակ կամաւոր երկսեռ հայ երիտասարդ գործակիցներու օգնութեամբ, ու յստակացաւ Հայ գաղութի անդամներու զանգուածային մասնակցութիւնը։ Երբ ռատիօթոնը հասաւ իր աւարտին, մեծ էր յուզումն ու ոգեւորութիւնը բոլոր կազակերպիչներու սրտերուն եւ դէմքերուն վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.