2010-11-20 12:20:25

Նենսի Փելոսի Ներկայացուցիչներու Տան Դեմոկրատներուն Ղեկավարը Կը Մնայ:


Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 17ին, Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատները յաջորդ Քոնկրեսին մէջ իրենց ղեկավարը ընտրեցին Նենսի Փելոսին, հակառակ այն իրողութեան, որ կարգ մը շրջանակներ կը փափաքին զայն փոխարինել, Քոնկրեսի վերջին ընտրութեանց ընթացքին դեմոկրատներուն կրած պարտութեան պատճառով: 70ամեայ Փելոսի խլեց 150 քուէներ, մինչ անոր մրցակիցը՝ Հիթ Շուլըր, կրցաւ միայն 43 քուէ ապահովել:
Միւս կողմէ, հանրապետականները Հինգշաբթի օր որոշեցին 112րդ Քոնկրեսին մէջ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ ընտրել Ճան Պէյնըրը, մինչ Էրիք Քենթըր պիտի ըլլայ Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան ղեկավարը:
Նախագահ Պարաք Օպամա եւ Պէյնըր պիտի ստիպուին քաղաքական գոյակցութեան, սակայն տարակարծութեանց նիւթ եղող հարցերուն շուրջ համախոհութեան գոյացումը հարցական կը մնայ։ Երկկուսակցական յարաբերութիւնները ոչ խոստմնալից սկիզբ մը ունեցան արդէն, երբ Օպամայի եւ քոնկրեսական ղեկավարներու միջեւ Օպամայի առաջադրած Նոյեմբեր 18ի հանդիպումը, հանրապետականներու պնդումով յետաձգուեցաւ, ու տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 30ին։
Տիկին Նենսի Փելոսի հայամէտ ու հայասէր Քոնկրեսականներէն մէկն է, եւ ան բազմիցս հանդէս եկած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման ու անոր վերաբերեալ Քոնկրեսին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած բանաձեւի ընդունման ի նպաստ կեցուածքով։







All the contents on this site are copyrighted ©.