2010-11-20 12:19:07

Յարաջիկայ 25 նոյեմբերին Սուրբ Պետրոսի մէջ Իրագի զոհերու նուիրուած Սուրբ Պատարագ


Յարաջիկայ 25 նոյեմբերին Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին պիտի գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը նուիրուած` Պաղտատի Սայետէդ էլ Նաժադ եկեղեցւոյ` անցեալ 31 հոկտեմբերի ահաբեկչական արարքի զոհ եղող քահանաներուն եւ հաւատացեալներուն հոգւոյն։
Արարողութեան հրավիրուած են մասնակցաելու սուրբ աթոռի մօտ գրանցուած այլ երկիրներու դիւանագիտական մարմիններու անդամները։

Իսկ Ացիոնէ Գաթթոլիքայ - Կաթողիկէ շարժում - կոչուած կազմակերպութեան միջազգային ֆորումի նախաձեռնութեամբ կիրակի 21 նոյեմբերը յատկացուած է որպես Իրագի Քրիստոնեաներու համար Աղօթքի Օր։ Այս դիտմամբ Ացիոնէ Գաթթոլիքայի միջազգային ֆորումը կոչ ուղղած էր բոլոր անդամակից ընկերակցութիւններուն որոնք դրական կերպով պատասխանեցին ու իրենց մասնակցութիւնը ապահովեցին։







All the contents on this site are copyrighted ©.