2010-11-20 12:19:01

Կարտինալական Համահաւաք դասի զօրակցութիւնը Իրագի Եւ Հայիթիի ժողովուրդներուն


Ի պատրաստութիւն Կարտինալական հրապարակային ժողովին որ տեղի կ՛ունենայ այսօր երեք ուրբաթ 18 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ կարտինալական դասի Խորհրդածութեան եւ աղօթքի օր մը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին` Սրբազան Քահանայապետի շուրջ հաւաքուած` աւելի քան 150 կարտինալներ որոնք խորհրդածեցին եւ ուսումնասիրեցին կրօնական ազատութիւնը աշխարհի մէջ ու նոր գրաւները ինչպէս նաեւ Ծիսակատարութիւնը այսօրուայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, նիւթերու մասին։
Միօրեայ նիստի զեկուցումները կեդրոնացան վերոյիշեալ նիւթերու մասին իսկ հաւաքի աւարտին Կարտինալական Դասը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Իրագի Եւ Հայիթիի ժողովուրդներուն որ դժուար կացութեան մէջ կ՛ապրին։ Կարտինալները որոշեցին նաեւ նիւթական հանգանակութիւն կատարել օժանդակելու ժողովուրդներու անմիջական պետքերուն։ Կարտինալական Ժողովը վերջ գտաւ երեկոյան Ժամը 19ին Հրեշտակ տեառն աղօթքով։







All the contents on this site are copyrighted ©.