Այսօր 19 նոյեմբեր 2010 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը մասնակցեցաւ կարտինալական
դասի Խորհրդածութեան եւ աղօթքի օրուայ հաւաքին` բոլոր կարտինալական դասի ու նոր նշանակուած
24 կարտինալներու հետ միասին։ Նշենք թէ Նորին Սրբութիւնը շաբաթ 20 նոյեմբերին պիտի հանդիսապետէ
հրապարակային կարտինալական ժողովին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, 24 նոր կարտինալներու հռչակումին
առթիւ։