2010-11-19 12:18:19

Խորհրդածութեան եւ աղօթքի օր կարտինալական դասին։


Կարտինալական դասի երեցագոյնը կարտինալ Անճելօ Սոտանօն անցեալ 30 հոկտեմբերին նամակ մը ուղղած է կարտինալական դասի բոլոր անդամներուն եւ նոր նշանակուած 24 կարտինալներուն, որով կը հրաւիրէ զանոնք` 19 նոյեմբերին` խորհդածութեան եւ աղօթքի օր մը անցնել միասին`, կարտինալական ընդհանուր ժողովին նախօրեակին, որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հանդիսապետութեամբ շաբաթ օրը 20 նոյեմբերին։
Խորհրդածութեան եւ աղօթքի օրուան յայտագիրն է ժամասացութիւն, ապա բանակցութեան 2 թեմաներ։ Առաջինը` կրօնական ազատութիւնը աշխարհի մէջ եւ նոր գրաւները, զեկուցումը կը կատարէ կարտինալ Պերթոնէ` Պետական քարտուղարը Ս. Աթոռի։ Եկրորդը` Ծիսակատարաութիւնը այսօրուայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, բացման խօսքը կը կատարէ կարտինալ Գանիծարես` կառավարիչը աստուածային պաշտամունքի։
Իսկ յետմիջօրէին տեղի կ'ունենայ երեկոյեան ժամասացութիւնը ապա 3 հաղորդակցութիւններ, Առաջին` տասը տարի ''Յիսուս Տէր է'' վաւերաթուղթին` պատրաստուած գերապայծառ Ամաթոյէն` կառավարիչը սուրբերու դատին։ Եկրորդ` Եկեղեցւոյ պատասխանը սեռային չարաշահութեան պարագաներուն։ Երրորդ հաղորդակցութիւն վաւերաթուղթ Անկլիգան եկեղեցւոյ մասին։ Այս վերջին երկու հաղորդակցութիւնները կը կատարէ կարտինալ Լեվատան կառավարիչը հաւատոյ ժողովին։







All the contents on this site are copyrighted ©.