2010-11-19 13:02:46

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ- Ազատ Մանուկեան-Հայ Ազգի Առաջին Մանկավարժ Երաժիշտը։


Ազատ Մանուկեան-Հայ Ազգի Առաջին Մանկավարժ Երաժիշտը։
Ազատ Մանուկեան ծնած է 1878-ին, Երզնկայ գաւառի Մեծ Ագարակ գիւղին մէջ։ Ան Արեւմտեան Հայաստանի այս գաւառին մէջ մնաց եւ առաջին զարգացումը ստացաւ եւ հաւանաբար Հայոց Ցեղասպանութեան շրջանին` անոր ընտանիքը ապաստան գտան Վաստան եւ Հայաստան, ուստի Ազատ բնակած է շրջան մը Թիֆլիս, ապա` Երեւան։
Իր երիտասարդութեան շրջանի մասին մասնաւոր տեղեկութիւններ չունինք, սակայն իր բնակած երկրին մէջ արդէն երաժշտական ուսում ստացած է Կարա-Մուրզայի ձեռքին տակ, սորվելով խմբավարութեան արուեստը. ապա զայն կատարելագործած է անցնելով Սան Պետերպուրկ, ուր 1903-1905 հետեւած է պալատական երգչախումբի դասընթացքներուն։ Ապա զինք կը գտնենք որպէս վաստակաւոր երգահան, ապա` երգուսոյց ու մանկավարժ, ինչպէս նաեւ խմբավար մանկական երգչախումբերու, թէ Թիֆլիսի եւ թէ Երեւանի հայկական դպրոցներուն մէջ։ Ան նոյնիսկ ստացած է ՝՝աշխատանքի հերոս՝՝ի պատուոյ նշանը, 1935-ին, Երեւանի մէջ։
Մանուկեանի ստեղծագործութիւնը ընդհանրապէս մանկական երգերու եւ խմբերգներու վրայ է։ Ան մասնագիտացած է մանկավարժական բաժնի մէջ, մասնաւորապէս երգի ուսուցումի եւ խմբավարութեան մարզերէն ներս։ Ան հեղինակն է նաեւ բազմաթիւ մանկական երգերու եւ խմբերգներու։ Յետագային իր բոլոր գործերը ամփոփուեցան ՝՝Փնջիկ՝՝ կոչուած իրերայաջորդ տասը ժողովածուներու մէջ։
Ան ունի նաեւ շարք մը մանկական օփերաներ, որ նորութիւն մը հանդիսացան հայ երաժշտական արուեստին մէջ այդ շրջաններուն։ Անշուշտ օգտուած է մեծ հեղինակներու եւ առակագիրներու գրութիւններէն եւ առնելով անոնց պատմած դէպքը, կամ յաճախ առասպելական պատմութիւնը, զայն վերածած է օփերէթի։
Յիշենք առաջիններէն` Չարի Վերջը, որ առակ մըն է պատմուած Յովհաննէս Թումանեանի կողմէ եւ ուր կը պատմէ հեղինակը թէ ինչպէս արջը կը ջանայ ծուղակի մէջ ձգել աղուէսը, որ սակայն իր առասպելական ճարպիկութեամբ` կ՛ազատէ իր օձիքը եւ արջը կը ստանայ այս անգամ իր արդար պատիժը։ Այս օփերէթը բեմադրուած է Երեւանի մէջ 1936 թուականին։
Ապա այս առաջին յաջողութենէն քաջալերուած` օեփրէթի վերածած է Բուշկինի Ոսկի ձկնիկը հէքեաթը, եւ զայն բեմադրած 1937-ին. Հոս եւս առակը շինիչ պատմութիւն մը ունի, որ կը յայտնէ թէ ինչպէս կնոջ մը ընչաքաղցութիւնը ոչինչի կը վերածէ անբաւ հարստութիւն մը որ ոսկիէ ձկնիկ մը ապահոված էր իրեն եւ իր ձկնորս ամուսինին։
Կը յաջորդեն ուրիշ պատմուածքներու բեմադրութիւններ, միշտ ընկերացած երաժշտութեամբ. Մանուէլեանի ՝՝Սասունցի մանուկ Դաւիթը՝՝ 1939-ին, Մխիթարեանի երկու առակները` ՝՝Յամառ Գորտը՝՝ 1946-ին, եւ ՝՝Կամակոր Նունիկը՝՝ 1952-ին։
Ունի նաեւ մենագրութիւն մը ռուս հեղինակ Բուշկինի մասին, որ է ՝՝Բուշկինը դպրոցական երգերում՝՝ գրուած 1937-ին։
Ազատ Մանուկեան պարգեւատրուած է նաեւ երկու ուրիշ շքանշաններով, մին` ՝՝Աշխատանքային Կարմիր Դրօշի՝՝ շքանշանն է, իսկ միւսը` Լենինի Պատուոյ Շքանշանն է։ Կրնանք ըսել թէ ան եղած է մեր հայ ազգի առաջին մանկավարժ երաժիշտը, որ նոր դարագլուխ մը բացած է այս Ճիւղին մէջ, իր հանճարեղ ստեղծագործութիւններով։







All the contents on this site are copyrighted ©.