2010-11-18 11:47:07

Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Հիմնադրութեան 50 ամեակը։


Չորեքշաբթի 17 նոյեմբեր 2010 յետ միջօրէին Պիոս Ժրդ Պապի անուան Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսաւոր արարողութիւնը յիշատակելու Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի հիմնադրութեան 50րդ տարեդարձը։ Տօնակատարութիւնը գլխաւորեց Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Գուրդ Գոչը։
Գերապայծառ Պրաեան ֆարրելի ղեկաւարութեամբ խօսք առին Կարտինալ Վալդեր Գասբերը, Գէնդէրպուրրի Արքեպիսկոպոս Տօքթ. Րովան Ուիլլիամսը եւ Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան ներկայացուցիչ Մեթրոբոլիթ Բերկամոյ Իոաննիս։

Յոբելենական այս արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Քրիստոնեաներու Միութեան Քհանայապետական Խորհուրդի 2010ի ընդհանուր ժողովի տարեկան նիստի առթիւ որ գումարուած է վատիկանի մէջ 15 - 19 նոյեմբեր <<Դէպի համամիութենական երկխօսութեան նոր հանգրուան>> նիւթով։







All the contents on this site are copyrighted ©.