2010-11-18 11:47:34

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Այցելեց եւ Օրհնեց Վատիկանի հերուստատեսիլի - CTV - Պատկերահանումի Շարժուն փոխադրակառքը։


Չորեքշաբթի 17 նոյեմբերի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը այցելեց ու ապա օրհնեց Վատիկանի հերուստատեսիլի - CTV - պատկերահանումի շարժուն նոր փոխադրակառքը որուն ներկայացումը կատարուեցաւ երեքշաբթի 16 նոյեմբերին Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի սրահին մէջ ի ներկայութեան Գերապայծառ Գլաուտիոյ Չելլի-ի` ընկերայաին հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդի նխաագահ, հայր ֆետերիքօ Լոմբարտիի` Վատիկանի հեռուստատեսիլի տնօրէն, Փրօֆ Գարլ Ալպերդ Անտէրսըն- ի եւ Տոքթ Ճիլտաս Բելլիէթի։
Շարժուն նոր պատկերահանումի փոխադրակառքը ճաբոնական Սոնի ելեկտրոնային գործարանի արտադրութիւնն է եւ օժտուած ամենաարդի եւ բարձրորակ լաւաքոյն նկարահանումի գործիքներով։
Գերապայածառ Չելլին իր խօսքին մէջ յայտնեց թէ այս նոր պատկերահանումի փոխադրակառքի ներկայացումը ի գործ կը դնէ <<Աստուծոյ Խօսքը>> յորդորագիրի պատգամը <<Նորանոր միջոցներու ձեռք բերումը մաս կը կազմէ եկեղեցւոյ աւետարանչութեան առաքելութեան Աւետարանի պատգամը հրչակելու եւ տարածելու նպատակով>>։ Գերապայածառ Չելլին նաեւ յայտարարեց թէ մօտ օրէն ընկերայաին հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդը լոյս պիտի ընծայէ նոր <> - քահանայապետը քեզի համար - կայքէջը որ ուղղուած է երիտասարդներուն։
Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր կարքին անդրադարձաւ բոլոր այն արաւելութիւններուն որ այսպիսի արդի գործիգներով օժտուած հանրակառք մը կրնայ ընծայել լաւագոյն կերպով սփռելու նկարահանումները։ Իր խօսքին մէջ Հայր Լոմպարտին շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Սոնի ընկերութեան եւ Գոլոմպօ Ասպետներու Հաստատութեան իրենց տուած օժանդակութեան համար։ Ապա խօսք առին նաեւ Սոնի ընկերութեան Իտալիոյ մասնաճիւղի նախագահ Տօքդ Ճիլտաս Բէլլիէթ ու Փրօֆ. Գարլ Ալպերդ Անտէրսըն` Գոլոմպօ Ասպետներու հաստատութեան Գերագոյն Ասպետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.