2010-11-18 11:47:16

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի կոչը Փաքիստանի Քրիստոնեաներուն ի նպաստ


Չորեքշաբթի օրուայ ունկնդրութեան ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղած է Փաքիստանի Քրիստոնեաներուն ի նպաստ։ Այս օրերուս -ըսած է ան - միջազգային հասարակութիւնը մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Փաքիստանի քրիստոնեաներու ապրած դժուար կացութեան որ յաճախ բռնութիւններու եւ խտրութեան թիրախ կը դառնան։
Յատուկ կերպով կ՛ուզեմ իմ Հոգեւոր մօտիկութիւնս յայտնել Տիկին Ազիա Պիպի-ի եւ իր ընտանեկան պարագաներուն, հայցելով անոր ազատ արձակելը։
Աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած այն բոլոր անոնց համար որ կը գտնուին նման դժուար կացութեան մը մէջ որպեսզի իրենց մարդկային արժանապատուութիւնը եւ իրենց մարդկային իրաւունքները ոտնակոխ չ՛ըլլան։







All the contents on this site are copyrighted ©.