2010-11-18 11:48:08

Հռոմ - Ողջերթ՝ հայր Յովսէփ ծ.վ. Քէլէքեանին


Երկուշաբթի, 15 նոյեմբեր 2010ին, Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի տեսչութիւնն ու ժառանգաւորները ապրեցան անմոռանալի սակայն յուզիչ վայրկեաններ: Անոնք բարի երթ-ի կոկիկ յայտագիր մը պատրաստած էին իրենց նախկին մեծաւոր՝ հայր Յովսէփ ծ.վ. Քէլէքեանին, որ յաջորդ օրը պիտի մեկնէր Հայաստան, նոր առաքելութեան մը սկիզբ տալու:
Ժառանգաւորները սկիզբ տուին երեկոյթին «Հայաստանի Կենաց»ը երգով որուն ընթացքին անոնք ըսին՝ բարձրացնենք բաժակները հայր Յովսէփին կենացը... որուն յաջորդեց «Բամբ Որոտան» երգը, որ հայր Յովսէփ՝ ինք սորվեցուցած էր աշակերտներուն: Վերջին երգը ներկայացուց եղբայր Ղազար Պետրոսեան՝ «թռչէի մտքով տուն» երգը:
Ապա ժառանգաւորներուն անունով խօսք առաւ դարձեալ եղբ. Ղազար Պետրոսեան նկարագրելով հայր Յովսէփի երեք տարուան իւրայատուկ աշխատանքը Լեւոնեան վարժարանէն ներս: Ան զինք կոչեց «Բարի Հայրիկ», որովհետեւ երեք տարիներուն ընթացքին, հայր Յովսէփ եղաւ իսկական բարի հայրիկը իւրաքանչիւր ժառանգաւորի համար հակառակ զանազան տեսակի դժուարութիւններու, ըլլան անոնք ֆիզիքական հիւանդութիւններու եւ կամ ուրիշ տեսակի դժուարութիւններու...
Խօսք առաւ նաեւ Լեւոնեան վարժարանի նոր մեծաւոր՝ հայր Գէորգ ծ.վ. Նորատունկեան, որ հոգեւոր ակնարկ մը նետելով վառ դասեց հայր Յովսէփի առաքինութիւնները ըսելով թէ այս Աստուծոյ կամքն է, որ հայր Յովսէփ ըլլայ Հայաստանի թեմէն ներս այնտեղէն նոր կոչումներ յարուցանելու համար նամանաւանդ նորահաս եւ երոտասարդ սերունդներուն մէջէն:
Հայր Յովսէփ, իր կարգին շնորհակալական խօսք մը ուղղեց բոլոր ժառանգաւորներուն ինչպէս նաեւ ներկայ մեծաւորին եւ անոր փոխանորդին, մաղթելով անոնց զօրաւոր կամք դիմագրաւելու զանազան տեսակի դժուարութիւններ, ինչպէս նաեւ ոյժ ու կորով լաւագոյն ձեւով դաստիարակելու նոր սերունդը՝ ապագան հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան:
Ընթրիքէն ետք, մեծաւորին խնդրանքին վրայ, հայր Յովսէփ յատուկ խրատաբանական հանդիպում մը ունեցաւ ժառանգաւորներուն հետ անոնց մէջ խրախուսելու նորանոր գաղափարներ լաւագոյն ձեւով ծառայելու հայ ազգի ժողովրդի զաւակներուն: Ան հակիրճ ձեւով ներկայացուց անցեալի իր զանազան առաքելութիւնները, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ իր նոր առաքելութեան կարեւորութեան մասին:
Հանդիպման աւարտին, ժառանգաւորները ցտեսութիւն ու բարի երթ մաղթեցին իրենց «Բարի Հայրիկին»:







All the contents on this site are copyrighted ©.