2010-11-18 11:47:52

Կարտինալական Արտակարգ Ժողով Յառաջիկայ 19 Նոյեմբերին։


Կրօնական Կացութիւնը Աշխարհի Մէջ ու Եկեղեցւոյ Ներկայացող Նոր Գրաւները։
Երրորդ անգամուան համար Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կարտինալական դասը ժողովի կը հրաւիրէ, 24 նոր կարտինալներու ստեղծումին նախօրդ օրը ։
''Կրօնական ազատութիւնը աշխարհի մէջ եւ ծիսակատարութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ'', ասոնք պիտի ըլլան գլխաւոր նիւթերը կարտինալական դասի արտակարգ ժողովին։ Աշխատանքները սկիզբ պիտի առնեն Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի զեկուցումով։ Ան մասնաւորապէս պիտի խօսի կրօնական ազատութեան մասին, ուր ներկայիս Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները, որ կ'ապրին մեծամասնութեամբ մահմետական ընկերութեան մէջ, դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին։ Կարտինալ Լիովերա` կառավարիչը աստուածային պաշտամունքին պիտի խօսի ''ծէսը այսօրուայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ'' նիւթին մասին։ Յետմիջօրէին այլ երկու կարտինալներ խօսք պիտի առնեն, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ներկայութեամբ եւ հին ու նոր 203 կարտինալներու մասնակցութեամբ։ Ապագայ կարտինալ Անճելօ Ամաթօ` կառավարիչը սուրբերու դատին, պիտի խօսի ''Յիսուս Տէր է'' վաւերաթուղթին մասին։ Իսկ Կարտինալ Լեվատա` կառավարիչը հաւատոյ ժողովին պիտի խօսի "Coetibus Anglicanorum" անունով նոր սահմանադրութեան մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.