2010-11-17 14:01:10

Սարգիս Նաճարեանի մեծարանքի հանդիսութիւն


Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսես Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սուրբ գրիգոր Նարեկացի Կեդրոնին` Կիրակի 21 նոյեմբեր 2010 յետ միջօրէի ժամը 7 ին - ՀԿՄ - Արարատեան սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ մեծարանքի հանդիսութիւն Պարոն Սարգիս Նաճարեանի լրագրողական գործունէութեան յոբելեանին 50 ամեակի առիթով։ Նոյն առթիւ պիտի կատարուի նաեւ շնորհանդէսը յոբելեարի <<դէմ առ դէմ>> վերնագրով հատորին։
Րատիօ Վատիկանի ձայնասփիւրի հայկական բաժնի անձնակազմը առիթը պատշաճ կը նկատէ Պարոն Սարգիս նաճարիանին ներկայացնելու լաւաքոյն բարեմաղթութիւններ եւ սրտաքին շնորհաւորութիւններ։







All the contents on this site are copyrighted ©.