2010-11-17 13:57:32

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Այցելութիւնը Մոսկուայ։


Նախագահ Սերժ Սարգսեան որ երկու օրէ ի վեր Մոսկուա կը գտնուի այսօր մասնակցած է ՝՝Ռուսաստանի Հայերու Միութեան՝՝ 10-ամեայ յոբելեանի առթիւ կազմակերպուած տօնական հանդիսութեան ։ Իսկ 16 նոյեմբերի երեկոյեան, նախագահ Սարգսեան մասնակցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի երեկոյթին , որուն ներկայ եղած են ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ, ռուսիաբնակ հայ գործարարներ եւ այլ պաշտօնատար անձինք։ Սոյն երեկոյթի ընթացքին ռուսահայ գործարարները խոստացած են ութ միլիոն տոլարով մասնակցիլ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի այս տարուան թելեթոնին:
Հայաստանի նախագահ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան, երեկոյի մասնակիցներուն ուղղուած իր ուղերձին մէջ անդրադառնալով հիմնադրամի գործունէութեան, ընդգծած է թէ համազգային ընդգրկում ունեցող այդ կառոյցը կրցած է տարիներ շարունակ իրականացնել կենսական կարեւորութեան ծրագիրներ: Նախագահին խօսքով, «Հայաստան» հիմնադրամը իր գործով կը բազմապատկէ մեր հաւատքն ու վստահութիւնը, մե՛ր իսկ ուժերուն եւ մեծ հաշուով՝ մեր գալիքին նկատմամբ։Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին,նախագահ Սարգսեան յայտնած է, թէ ԼՂՀի հետեւողական կայացման, հարեւան հանրապետութենէն անընդհատ հնչող ռազմական կոչերուն եւ մեր պաշտպանական հնարաւորութիւններու աւելացման մասին հարցումներով յաճախ կը դիմեն իրեն։
Այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի նախագահը այսօր հանդիպումներ կ՛ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի եւ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հայաստանի նախագահը նաեւ կը մասնակցի Ռուսաստանի հայերու միութեան տասնամեայ յոբելեանին նուիրուած համագումարին, իսկ նոյն օրը երեկոյեան, ներկայ պիտի գտնուի Քրեմլինի մէջ կայանալիք տօնական համերգին։
Նոյեմբեր 18ի առաւօտեան, նախագահ Սարգսեան, Մոսկուայի մօտ ՀՀ դեսպանատան մէջ, պետական շքանշաններ պիտի յանձնէ յայտնի դերասան Արմէն æիգարխանեանի, «Russia Today» պատկերասփիւռի ընկերութեան ղեկավար Մարգարիտա Սիմոնեանի եւ այլոց:Նշենք, որ Հայաստանի պատուիրակութեան կազմին մէջ է նաեւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.