2010-11-17 13:59:58

Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան Քահանայից ժողով


Պէյրութ

Շաբաթ, 13 նոյեմբեր 2010, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ քահանայից ժողով ամենապատիւ հոգեւոր Տէր Ներսես Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պտրիարքի Գլխաւորութեամբ եւ եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ։
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր խօսքին մէջ ներկայացուց Հռոմի մէջ կատարուած Միջին Արեւելքի յատուկ սիւնհոդոսը։ Ան անդրադարձաւ այս սիւնհոդոսի կարեւորութեան եւ յաջորդաբար առնուելիք ծրագիրներուն մասին, որոնցմէ են՝ Պէյրութի թեմի քահանաներու շաբաթական հանդիպումը ուսումնասիրելու համար սիւնհոդոսէն եկած պատգամը եւ հովուական մակարդակի վրայ առնուելիք գործնական քայլերը։
Ժողովէն ետք, քահանաները հաւաքուեցան հոգեւոր տիրոջ սեղանին շուրջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.