2010-11-16 13:27:42

Հռոմի մէջ բանակցութիւններ Իսրայէլի եւ Վատիկանի միջեւ իրաւա-ֆինասական համաձայնութիւն մը ստորագրելու հայող Ս. Երկրի կաթողիկէ եկեղեցւոյ ինչքերու։


Հռոմի մէջ բանակցութիւններ Իսրայէլի եւ Վատիկանի միջեւ իրաւա-ֆինասական համաձայնութիւն մը ստորագրելու հայող Ս. Երկրի կաթողիկէ եկեղեցւոյ ինչքերու։
17 տարիէ ասդին Վատիկանը եւ Իսրայէլը կլոր սեղան կը նստին բանակցելու կաթողիկէ եկեղեցւոյ ինչքերու իրաւա-ֆինանսական հարցը լուծելու համար։ Հիմնական համաձայնութիւնը կնքուած է 30 դեկտեմբեր 1993ին, սակայն մինչեւ օրս կարելի չեղաւ եզրակացութեան մը հասնիլ, քանի հրեական կառավարութիւնը տարուէտարի կը քաշքշէ հարցը։ Վերջին կլոր սեղանին աւարտին,11 նոյեմբերին, որ Հռոմ տեղի ունեցաւ,Վատիկանի ներկայացուցիչը յայտարարած է թէ բանակցութիւնները սիրալիր մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցան առանց սակային շոշափելի եզրակացութեան մը հասնելու։ Երկկողմանի այս խառն յանձնախումբին նպատակն է իրաւա-ֆինասնսական համաձայնութիւն մը կնքել հայող կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ս. Երկրի մէջ ունեցած ինչքերու շուրջ։ Յառաջիկայ ժիողովը կը նախատեսուի 9 դեկտեմբերին։







All the contents on this site are copyrighted ©.