2010-11-16 14:58:57

Հանրածանոթ Թէնիսի Աստղ Անտրէ Աղասի Շնորհակալութիւն Կը յայտնէ Գըրգ Գրգորեանին.


Ամերիկահայ թենիսի վարպետ Անտրէ Աղասիի «Կրենտ Սլեմ ֆոր Չիլտըրն» կազմակերպութեան անցեալ ամիս տեղի ունեցած տարեկան ճաշկերոյթին ընթացքին, Աղասի ելոյթ ունենալով՝ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է ձեռնարկին ներկայ եղած բարերար Գըրգ Գրգորեանին, որ տասնամեակներ առաջ ոչ միայն գործի կարելիութիւն շնորհած է իր հօր՝ Էմանուէլ «Մայք» Աղասիին, այլ նաեւ անձայն կերպով, անոր նիւթապէս օժանդակած է, երբ ան սրտի կաթուած ունեցած է: «Միշտ երախտապարտ պիտի մնամ», արցունքոտ աչքերով ըսած է Աղասի՝ խօսքը ուղղելով 93ամեայ բարերարին, աւելցնելով, որ Գրգորեանի շնորհիւ իր ընտանեկան սեղանին վրայ «հաց դրուած է»: Յայտնենք, թէ ձեռնարկին ներկայ եղած է նաեւ կատակաբան Պիլ Քոզպի, եւ ընթացքին հաւաքուած է 8.5 միլիոն տոլար, որ պիտի յատկացուի Աղասիի կրթական ծրագիրներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.