2010-11-16 13:37:20

Իրագի Սայետէդ Էլ Նաժաթ Եկեղեցւոյ մէջ պատահած ահաբեկչական արարքին վիրաւորուած են՝ երկու երիտասարդ հայ օրիորդներ ......  


Ինչպէս գիտէք Կիրակի 31 հոկտեմբերին (2010-ն )Պաղտատի Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար եղաւ դժբախտ ու ցաւալի օր մը։ Սայետէդ Էլ Նաժաթ եկեղեցին ենթարկուեցաւ ահաբեկչական անասելի արարքի մը յորում իրենց կեանքը կորսնցուցին աւելի քան 50 հաւատացեալներ։ Իսկ տասնեակ ուրիշներ վիրաւորուեցան։ Այս անընդունելի դէպքը ցնցեց համայն աշխարհը եւ Միջազգային հասարակութիւնը անմիջապես ՝՝խստիւ դատապարտեց՝՝ պատահածը, ապա կարգ մը եւրոպական կազմակերպութիւններ,իրենց կառաւարութիւններու աջակցութեամբ` ինչպէս Իտալեան եւ ֆրանսան` շուտով փութացին ձեռք տալու վիրաւորեալներուն զանոնք փոխադրելով եւրոպական երկիրներու հիւանդանոցներ, դարմանումի դամար։

Փարիզի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ժողովրդապետ Հայր Գէորգ Վրդ Ասատուրեանը կը հաղորդէ թէ անցեալ 8 նոյեմբերին Փարիզ փոխադրուած վիրաւորեալներու ու անոնց ընտանիքներու շարքին, կային նաեւ երկու հայ կաթողիկէ ընտանիքներ, որոնք ահաբեկչական արարքի օրը կը գտնուէին Ասորիներու Սայետէդ Էլ Նաժաթ Եկեղեցին։

Հայր Գէորգ այցելած է նախ երկու ընտանիքները մխիթարելու եւ քաջալերելու զիրենք ինչպէս նաեւ հոգալու անոնց անմիջական հարկաւորութիւնները ։ Ապա առիթը ունեցած է այցելելու երկու երիտասարդ վիրաւոր օրիորդները, ամոքելու անոնց ցաւերը , մաղթելով որ <<իրենց տրուած այս նոր կեանքը աւելի քաջութեամբ եւ հաւատքով դիմագրաւէն>>։ Ապա համայնքի անունով մաղթած է շուտաբոյթ առողջութիւն, ապահովելով համայնքի ու ժողովրդապետութեան նեցուկը եւ աղօթքը։
Երիտասարդ վիրաւորեալներէն Մարին յայատնած է թէ իր միակ փափաքն է վերադառնալ իր օճախըու եկեղեցին,որպէսզի կարենայ շարունակել իր Համալսարանական ուսումը։







All the contents on this site are copyrighted ©.