2010-11-15 13:41:47

«Եթէ Մեզի Պարտադրեն Մեր հարուածը Պիտի Ըլլայ Կործանարար Եւ Վերջինը » Այսպէս Կ՜ըսէ Նախագահ Սերժ Սարգսեան։


Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ անցեալ շաբաթավերջին մեկնեցաւ Հայաստանի պաշտպանական դիրքեր եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն։ Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարները ներկայ գտնուեցան Լեռնային Ղարաբաղի բանակի ռազմափորձերուն, կատարեցին պաշտպանական շրջանի դիտարկում, ինչպէս նաեւ մասնակցեցան բանակի անձնակազմին համար կառուցուած բնակարաններու յանձնումի արարողութեան։ Այնուհետեւ նախագահ Սարգսեան զինեալ ուժերու բարձրագոյն սպայական կազմին մասնակցութեամբ կատարեց խորհրդակցութիւն։ Նախագահ Սարգսեան Ղարաբաղի մէջ յայտարարեց, որ ՝՝հայկական կողմը չի պատրաստուիր նախայարձակ ըլլալու, բայց անհրաժեշտութեան պարագային հակահարուածը վերջնական պիտի ըլլայ՝՝։ Ան ընդգծեց, որ ռազմափորձերը պատասխան են սահմանի միւս կողմէն ուղղուող սպառնալիքներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.