2010-11-13 12:43:15

Էդուարդ Նալբանդեան Հնդկաստանի մէջ։


Նոյեմբեր 10-ին սկիզբ առաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար էդուարդ Նալբանդեանի պաշտօնական այցելութիւնը Հնդկաստան։ Նիւ Տելհիի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդունուեցաւ Հնդկաստանի փոխ-նախագահ, խորհրդարանի վերին պալատի նախագահ Մոհամետ Համիտ Անսարիի կողմէ։
Կողմերը քննարկեցին երկկողմանի տնտեսական եւ մշակութային կապերու խորացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը, գործարարներու միջեւ կապերու աշխուժացման, բարձր արհեստագիտութեան, կրթական, մշակութային, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան յաւելեալ խորացման եւ իրաւա-պայմանագրային դաշտի ընդլայնման կարելիութիւնները։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր հանդիպում ունեցաւ Հնդկաստանի իր գործընկերոջ՝ Սոմանահալլի Մալլայահ Քրիշնայի հետ։ Ողջունելով նախարար Նալբանդեանի այցելութիւնը Նիւ Տելհի՝ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ հայ-հնդկական բարեկամութեան պատմական հարուստ աւանդութիւններ գոյութիւն ունին եւ Հնդկաստան կը ցանկայ գործուն քայլերու ձեռնարկել՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները աւելի խորացնելու համար։ Հայ-հնդկական բարեկամական գործընկերութեան նոր թափ տալու նպատակով, համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ 2011-ին Հայաստանի նախագահին Հնդկաստան այցելութիւնը կազմակերպելու մասին։
Էդուարդ Նալբանդեան եւ Սոմանահալլի Քրիշնա քննարկեցին Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջ-կառավարական յանձնախումբի յաջորդ նիստի գումարման, արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ տեղի ունեցող խորհրդակցութիւններու աշխուժացման, միջազգային կառոյցներուն մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան սերտացման վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ անոնք միտքեր փոխանակեցին կարգ մը միջազգային եւ շրջանային հարցերու վերաբերեալ։ Նախարարները կարեւոր նկատեցին միջ-խորհրդարանական եւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան մարզերուն մէջ կուտակուած փորձառութեան ընդլայնումը եւ զբօսաշրջութիւնը խթանող քայլերու ձեռնարկումը։ Նախարարները բարձր գնահատեցին հնդկահայ համայնքին ներդրումը Հնդկաստանի բազմամշակութային ժառանգութեան ստեղծման, պահպանման եւ հարստացման գործին մէջ։
Հանդիպումէն ետք, Հայաստանի եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն ներկայութեամբ Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արա Յակոբեան եւ Հնդկաստանի մշակոյթի նախարար Ճաւար Սիրքար ստորագրեցին Հայաստանի եւ Հնդկաստանի մշակոյթի նախարարութիւններուն միջեւ 2011-2012 թուականներուն մշակութային համագործակցութեան մասին յուշագիր մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.