2010-11-13 12:31:51

Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի Մասին Վատիկանի Սինոդոսին՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ըսաւ. ՜՜Միջին Արեւելքի քրիստոնէութիւնը կը պատկանի այս շրջանի հողին, մշակոյթին ու պատմութեան՝՝։


Յատուկ ժամադրութեամբ Անթիլիասի մայրավանք ժամանած 15 ամերիկացի ու գանատացի մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսք առնելով՝ կարեւորութեամբ շեշտեց ՜՜Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն ամուր կապուածութիւնը շրջանին՝՝։
Պատասխանելով Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն գծով իրեն ուղղուած հարցումին, Վեհափառը ըսաւ. ՜՜Ե՞րբ քրիստոնէութիւնը տագնապներ չէ ապրած Միջին Արեւելքի մէջ։ Մօտէն քննեցէք պատմութիւնը քրիստոնէութեան, այս շրջանէն ներս։ Արդարեւ, քրիստոնէութեան պատմութիւնը եղած է կենդանի նահատակութիւն մը։ Քրիստոնէութիւնը իր կեանքով ու նպատակով վկայութիւն է. վկայութիւն՝ Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին յայտնուած արժէքներուն, սկզբունքներուն ու ճշմարտութիւններուն մասին։ Նման վկայութիւն մը դիւրին չէ. ան կենթադրէ զոհողութիւն ու նոյնիսկ նահատակութիւն, ինչպէս եղաւ վկայութիւնը Քրիստոսին։ Հետեւաբար, քրիստոնէութեան դիմագրաւած ներկայ տագնապները ես կը նկատեմ, որոշ իմաստով, անբաժան մասը քրիստոնէութեան վկայութեան՝՝ ըսաւ Արամ Վեհափառը:







All the contents on this site are copyrighted ©.